Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինցի Աշխատաւորներու Բողոքի Ցոյց` Աշխատանքի Նախարարին Որոշումին Դէմ

Յուլիս 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պըտտաուիի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պաղեստինեան ժողովրդային եւ երիտասարդական շարժումները մերժեցին աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյմանի որոշումը, որ կը վերաբերի պաղեստինցի աշխատաւորներուն:

Իսլամական թաուհիտ շարժումի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Պիլալ Շաապան երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ որոշումը ցեղապաշտական է` աւելցնելով, որ այդ որոշումը միացուցած է պաղեստինցիները իրենց բոլոր խմբաւորումներով եւ փաղանգներով: «Այն Հելուէէն Նահըր Պարետ եւ Ռաշիտիէէն Պըտտաուի կը յիշեցնենք բոլորին, թէ ինչպէ՛ս պաղեստինցիները պաշտպանեցին Լիբանանը եւ ինչպէ՛ս անոնք նպաստեցին Լիբանանի վերաշինութեան», ըսաւ ան:

Շաապան ընդգծեց, որ իրենք բողոքի այս շարժումը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ աշխատանքի նախարարը յետս կոչէ իր որոշումը եւ կամ ջնջէ զայն:

Քամիլ Պու Սլէյման. «Կարելի Չէ Օրէնքը Մասնատել, Եւ Անոր Գործադրութիւնը Պիտի Շարունակուի»

Միւս կողմէ, աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պաղեստինեան լարուածութիւնը մեղմացնելու իմաստով քայլերու կը ձեռնարկէ, սակայն իրմէ չէ պահանջած օտար աշխատաւորներու վերաբերեալ իր մշակած ծրագիրին գործադրութիւնը կասեցնել: «Քննչական քայլերը ընթացքի մէջ պիտի մնան, եւ մեր թիրախները պաղեստինցի աշխատաւորները չեն, այլ` ապօրինի կերպով գործող սուրիացի աշխատաւորները», ըսաւ ան:

Պու Սլէյման հաստատեց, որ օրէնքը կարելի չէ մասնատել` աւելցնելով, որ անոր գործադրութիւնը պիտի շարունակուի:

«Պաղեստինցի գաղթականներուն կողմէ նման աղմուկ չնշմարեցի, երբ Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմը հռչակեցին Իսրայէլի մայրաքաղաք», ըսաւ ան:

Պու Սլէյման շեշտեց, որ ինք դժգոհ է կառավարութեան աշխատանքէն` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքին արգելակումը ապառողջ է, եւ կոչ ուղղելով կատարեալ լրջութեամբ մտածելու 2020-ի պետական ամավարկին մասին:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանեան ուժերը չեն զղջացած նախագահական համաձայնութեան համար, որովհետեւ անիկա քրիստոնեայ շրջանակին հանգստութիւն ներշնչած է, եւ տակաւին կարելի է նախագահ Աունի իշխանութիւնը փրկել:

Նախորդը

«Լիբանանը 2019-ին Պիտի Ըլլայ Զբօսաշրջութեան Երկիրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Զինուորականներուն Ու Անոնց Ընտանիքներուն Բժշկութեան Ծառայութիւնը Կաղայ» Շեշտեց Զօր. Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?