Վարչապետ Սաատ Հարիրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց Թունուզի նախագահ Պաժի Քայիտ Սապսիի մահուան առիթով:
Պաշտօնական սուգը պիտի ըլլայ եռօրեայ, որուն ընթացքին փակ պիտի մնան պետական բոլոր կառոյցները եւ քաղաքապետութիւնները, սկսեալ հինգշաբթի օրէն մինչեւ շաբաթ օր: Պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն յայտագիրները պիտի փոխուին եւ պատշաճեցուին այս տխուր առիթին: