«Թափօններու Թաղման Վայրին Ընդարձակումը Կամ Բարձրացումը Կտրականապէս Մերժելի Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին ընդարձակումը կամ բարձրացումը կտրականապէս մերժելի է: «Մենք պատրաստ չենք յաւելեալ խոստումներ հանդուրժելու, չըսելու համար` աղբեր: Այս լուծումը ժամանակաւոր է եւ մասնակի. կարելի չէ յաւելեալ խոստումներու վստահելով համաձայն գտնուիլ բանի մը, եւ յանկարծ մէկը խոչընդոտելով կառավարութեան աշխատանքը, հասնինք անել կացութեան», հաստատեց ան: Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ...

















