Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան. «Համաներումը Պիտի Չընդգրկէ Այն Ամբաստանեալները, Որոնք Մեղսակցած Են Ահաբեկչական Ոճիրներու»

August 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու առումով զգուշ է, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը նիստի ընթացքին «չպայթի»:

Ան հաստատեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպը Զինուորական ատեան փոխանցելու իմաստով ոչ մէկ հարց կայ:

Հասան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններու եւ ապահովական կառոյցներու աշխատանքներուն պէտք չէ միջամուխ դառնալ:

Պետական ամավարկին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայա Հասան ըսաւ, թէ անիկա անբաւարար է, սակայն կարելի չէ նաեւ ձեւական կոչել զայն, պայմանով որ 2020-ի ամավարկին մէջ շարունակուի այն, ինչ որ սկսած էր 2019-ի պետական ամավարկին ընթացքին:

Բանտարկեալներուն համաներում շնորհելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հասան շեշտեց, որ համաներումը պիտի չընդգրկէ այն ամբաստանեալները, որոնք մեղսակցած են ահաբեկչական ոճիրներու:

Ռայա Հասան նկատել տուաւ, որ խորհրդարանին եւ քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինը պէտք է յարգել` հաստատելով, որ կայ փոխանցման շրջան մը, որմէ իւրաքանչիւր երկիր կ՛անցնի` մղելու համար կուսակցութիւնները, որ մասնաբաժինի դրութեամբ կիներու թեկնածութիւնը առաջադրեն երեսփոխանական կամ քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ անոնք ընտրուին ժողովուրդին կողմէ: «Այսօրուան տիրող արգելքներն ու խոչընդոտները շրջանցելու համար մենք կարիքը ունինք մասնաբաժինի դրութեան», հաստատեց ան:

Հասան ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանցի կնոջ տալու իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը:

Ռայա Հասան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով յստակ քայլերու դիմած է` աւելցնելով, որ Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը մնայուն նիստեր կը գումարէ եւ շատ աշխուժ կը գործէ` ահաբեկչութեան եւ ապահովական որեւէ տեսակի խախտումներու դէմ պայքարելու իմաստով:

Ան նշեց, որ ինք յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենայ Ընդհանուր ապահովութեան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէններ` հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ:

Դատական իշխանութիւններուն եւ ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ գործակցութեան մասին Հասան ըսաւ, թէ իրենք կը գործադրեն այն, ինչ որ դատական իշխանութիւնները կ՛որոշեն:

 

Նախորդը

Նաքուրայի Մէջ. Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Ստացաւ Տոհայի Ֆորումին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.