Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացաւ, թէ Կինէայի մէջ ապրող լիբանանցի երիտասարդ Հիւսէյն Ֆշէյխ Քոնաքրի գետին մէջ խեղդամահ եղած է` փրկելու համար այլոց կեանքերը:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆշէյխի հարազատներուն եւ հաստատեց, որ Հիւսէյն Ֆշէյխի դիակը Լիբանան փոխադրելու բոլոր դասաւորումները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: