Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Յայտարարեց Քրիսթիան Լի Պաքսթըրի Ազատ Արձակումը

August 10, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ յայտարարեց քանատացի Քրիսթիան Լի Պաքսթըրի (44 տարեկան), ազատ արձակումը` աւելի քանի մէկ տարի սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ արգելափակուելէ ետք:

Իպրահիմ հաստատեց, որ ինք սուրիական իշխանութիւններուն հետ հետապնդած է Պաքսթըրի հարցը, եւ կարելի եղած է անոր ազատ արձակումին յանգիլ:

Այս առիթով Իպրահիմ շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական իշխանութիւններուն, որոնք ընդառաջեցին Լիբանանի փափաքին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ, որ երկու շաբաթ առաջ գործակցեցաւ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հետ` ազատ արձակելու համար ամերիկացի քաղաքացի մը:

Իր կարգին, Լամուրօ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապպաս Իպրահիմին` քանատացի քաղաքացիին ազատ արձակումին ուրախ առիթով:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Պաքսթըր Սուրիոյ մէջ օրինազանցութիւն կատարած էր եւ այդ պատճառով բանտարկուած` աւելցնելով, որ քանատական իշխանութիւնները պաշտօնապէս Լիբանանի օժանդակութիւնը խնդրած էին իրենց քաղաքացիին ազատ արձակումին համար: Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ մաղթեց, որ կառավարութիւնը այսօր գումարէ նիստ մը:

Իսկ Ժորժ Ապտալլայի թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Իպրահիմ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անձամբ կը հետեւի այդ հարցին: «Նախագահ Աուն խնդրած է ինձմէ, որ հետեւիմ այդ թղթածրարին եւ կը յուսամ, որ Ժորժ Ապտալլա մօտիկ ապագային Լիբանան կը վերադառնայ», հաստատեց Իպրահիմ:

 

 

Նախորդը

Քաայի Բարձունքներուն Վրայ. Զօր. Աուն Բացումը Կատարեց «Բանակի» Հրապարակին Եւ «Ահաբեկչութեան Նահատակներու» Փողոցին

Յաջորդը

Բագրատունի Այցելեց Աշխատանքի Նախարարին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.