Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Քննարկած Օրակարգին Բոլոր Կէտերը

August 14, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քապըր Շմունի միջադէպին ստեղծած ելեկտրական մթնոլորտին ու լարուածութեան յաջորդած սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպումէն ետք, կառավարութիւնը շաբաթ, 10 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն բացակայեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ մօտիկ անցեալին Քապըր Շմունի մէջ պատահեցաւ ցաւալի միջադէպ մը, որ ցնցեց երկիրը, «սակայն օր մը առաջ կարելի եղաւ ամէն բան իր սովորական վիճակին վերադարձնել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին հետեւանքները կարելի եղած է երեք առանցքներով լուծել: «Քաղաքական առանցքը կատարուեցաւ օր մը առաջ Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմ հանդիպումով, դատական առանցքը տակաւին ընթացքի մէջ է` դատական իշխանութիւններուն կողմէ, որ օրէնքին յարկին տակ գործելէ ետք, իրենց աշխատանքին արդիւնքները պիտի ներկայացնեն կառավարութեան: Իսկ ապահովական առանցքը կը գտնուի ապահովութեան ուժերուն հակակշիռին տակ` նկատի ունենալով, որ անոնք պիտի գործադրեն այդ իմաստով մշակուած ապահովական ծրագիրները», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է իր քննարկած օրակարգին բոլոր կէտերը, ինչպէս նաեւ քննարկած է օրակարգէ դուրս շարք մը հարցեր եւ անոնց մասին համապատասխան որոշումները տուած:

Ժարրահ յայտնեց, որ նախագահ Աուն լիբանանցիները շնորհաւորած է Ատհայի տօնին առիթով` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը նիստ պիտի չգումարէ, այլ` յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, այսինքն` տօնական օրերէն ետք:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անդրադարձած կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին:

Կառավարութեան նիստէն առաջ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի:

Նախագահական պալատին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահ Աուն Ղարիպէն խնդրած է կառավարութեան նիստին ընթացքին Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը չարծարծել, եւ Ղարիպ ընդառաջած է հանրապետութեան նախագահին փափաքին:

 

Նախորդը

«Ոչ Մէկ Լիբանանցի Քաղաքական Գործիչ Կ՛աշխատի Ի Նպաստ Երկրին Շահերուն» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Ատհայի Տօնին Առիթով Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Արաբական Եւ Իսլամական Երկիրներու Ղեկավարներն Ու Լիբանանցի Պատասխանատուները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.