Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաայի Բարձունքներուն Վրայ. Զօր. Աուն Բացումը Կատարեց «Բանակի» Հրապարակին Եւ «Ահաբեկչութեան Նահատակներու» Փողոցին

August 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթաներուն եւ արեւմտեան Պեքաայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ մղուած «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան յիշատակին առիթով այցելեց Քաայի բարձունքները, ուր բացումը կատարեց «Բանակի» հրապարակին եւ «Ահաբեկչութեան նահատակներու» փողոցին, որ նոր շինուած ճամբայ մըն է` Քաայէն դէպի անոր բարձունքները առաջնորդող:

Այս առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ Քաայի բարձունքները դարձած են սուրբ հողեր, որովհետեւ անոնք շաղախուած են նահատակներուն արեամբ: «Հերոս բանակայիններ ինկան այս հողին վրայ` զայն պաշտպանելու համար ահաբեկչութենէն: Անոնք հերոսաբար զոհուեցան իրենց հայրենիքին ազատագրումին համար», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ինչքան ալ հզօր ըլլային ահաբեկչութեան կողմէ Քաայի բարձունքները էմիրութեան վերածելու ծրագիրները, լիբանանեան բանակին զինուորներուն կամքը շատ աւելի հզօր էր, եւ այդ կամքով անոնք կրցան տապալել ահաբեկչութիւնը` կասեցնելով լիբանանեան հողերուն վրայ ընդարձակուելու անոր միտումը:

«Մենք տակաւին զգաստօրէն կը հսկենք մեր հայրենիքին կայունութեան եւ երկաթեայ բազուկով կը հարուածենք բոլոր այն փորձերը, որոնք կը նպատակադրեն խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը կարիքը ունի յաւելեալ ամրապնդումի: Թէեւ բանակին մէջ ստեղծեցինք սահմանապահ չորս զօրամասեր, ինչպէս նաեւ կառուցեցինք սահմանային հսկողութեան 74 կեդրոններ` հզօրացնելով սահմանապահ մեր ուժերը, սակայն տակաւին մենք միայն 80 առ հարիւրով կրնանք հսկել սահմաններուն, որովհետեւ մնացեալ 20 առ հարիւրը մաս կը կազմեն սահմանային այն բաժիններուն, որոնք Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջան կը նկատուին եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանագծումի չգոյութեան պատճառով յստակ չէ անոնց ինքնութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով պետական ամավարկին մէջ բանակի պիւտճէի նուազումին` զօր. Աուն ըսաւ, թէ ճիշդ է, որ այդ քայլը գումակային իմաստով բանակին վիճակը կրնայ դժուարացնել, սակայն բանակը իր սահմանափակ կարողութիւններով անգամ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի պատիւը պաշտպանելու եւ անոր համար զոհողութիւններ մատուցելու, ինչպէս նաեւ իր հայրենիքի զաւակներուն հաւատարիմ մնալու իր երդումին:

Ան կոչ ուղղեց Քաայի բնակիչներուն ահաբեկչութեան լուծէն նահատակներու արեամբ ազատագրուած հողերուն կառչած մնալու եւ զանոնք սիրոյ ու հաւատարմութեան սերմերով ցանելու:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարը այցելեց նաեւ Արսալ, ուր ան ստուգեց բանակի իններորդ վաշտի զօրանոցը եւ հանդիպում մը ունեցաւ հրամանատարին ու բանակայիններուն հետ` անոնցմէ իմանալով սահմանները պաշտպանելու համար որդեգրուած բոլոր միջոցառումները:

Զօր. Աուն բանակայինները շնորհաւորեց Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան եւ Ատհայի տօներուն առիթով: Ան ողջունեց անոնց զոհողութիւնները` սահմանները պաշտպանելու, ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն մարդասիրական, ընկերային եւ բարգաւաճման օժանդակութիւն ապահովելու իմաստով:

«Լիբանան իր պատմութեան մէջ ամէնէն ապահով ու կայուն իրավիճակին մէջ կը գտնուի, եւ բանակը պիտի չարտօնէ այդ կայունութիւնը խախտելու որեւէ փորձ: Լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է` դիմադրելու ներքին թէ արտաքին որեւէ սպառնալիքի», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ստացաւ Տոհայի Ֆորումին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Յայտարարեց Քրիսթիան Լի Պաքսթըրի Ազատ Արձակումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.