Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա զգուշացուց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն օգտագործուող բառամթերքին վերակենդանացումը եւ «գերեզմաններ փորելու» քաղաքականութիւնը յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծեն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, հայրենիքի հիմքերուն ու սահմանադրութեան նկատմամբ կասկածները կ՛արթնցնեն:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական մարզին վերաբերեալ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գործունէութեան բառարանին մէջ քաղաքական շահագործումի եզրը տեղ չունի, «իսկ դատական իշխանութիւնները երկիւղ կը պատճառեն նախայարձակներուն», աւելցուց ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ինքզինք ամբաստանեց, երբ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի իրմէ վրէժ լուծել: «Ժոմպլաթ իր այս կեցուածքով հաստատեց, որ իրենց համար արդարութեան ուղին բաղձալի չէ», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ բարձր առաստաղ ունեցող բառամթերքը կրնայ ունենալ իր հետեւանքները: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախագահական պալատէն կատարուած դրական յայտարարութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի ընդգծեց, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ կամ կուսակցութիւն կրնայ դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կասեցնել կամ հարցի մը դատական հոլովոյթը արգելակել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդը իրարու դէմ լարուած երկու ճակատներու վերածելը ոչ ոքի շահերուն պիտի ծառայէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելը խիստ կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական իրավիճակը փրկել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա ըսաւ. «Նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ապառողջ իրավիճակը, կարեւոր է, որ այս փուլին վերադառնանք Մարտ 14-ի քաղաքական ուղեգիծին»:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ չորրորդ անգամ ըլլալով պարգեւատրուեցաւ իբրեւ աշխարհի  կեդրոնական դրամատուներու լաւագոյն կառավարիչներէն մէկը: Սալամէ պարգեւատրուած էր նաեւ 2011, 2017 եւ 2018 թուականներուն:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հաստատեց, որ տնտեսական կայունութիւնը պակասաւոր կը մնայ, եթէ քաղաքական կայունութիւնը չընկերակցի անոր:

 

Նախորդը

Այցելութիւն Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?