Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Միջադէպը Վերջ Գտաւ Տիւրզի Ղեկավարներուն Միջեւ Սրտբացութեամբ Եւ Հաշտութեամբ

Օգոստոս 10, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութիւնը Այսօր Կը Գումարէ Իր Նիստը

Քապըր Շմունի կամ Պասաթինի կամ Լեռնալիբանանի միջադէպէն քառասուն օր ետք, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ սրտբաց խօսակցութեան

հանդիպում մը Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի նախ կարդաց ժամեր առաջ տեղի ունեցած տնտեսական-ելեւմտական հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ երկրին քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, թէ ներկաները հաստատած են, որ կառչած կը մնան լիբանանեան դրամանիշը կայուն պահելու իրենց յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ քաղաքական կարգ մը քայլերու շուրջ, որոնք յառաջիկայ փուլին ընթացքին պիտի գործադրուին` նպաստելու համար տնտեսական մարզի ամրապնդման եւ սկսելու համար Մըքքենզիի նուազուրդին:

Հարիրի յայտնեց, որ հիմնական քայլերէն պիտի ըլլայ 2020-ի պետական ամավարկի վաւերացումը` յարգելով սահմանադրական ժամկէտը, 2019-ի պետական ամավարկի, «Սետր»-ի ծրագիրին, ելեկտրականութեան մարզի ծրագիրին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի յատուկ օրէնքներու վաւերացումը, մսխումի կրճատումները, քննչական հոլովոյթին խստացումն ու փտածութեան դէմ պայքարը:

Ապա ան կարդաց երկրորդ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հնգակողմ հանդիպումը կարելի է նկատել սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպում մը, որուն ընթացքին բոլորը դատապարտեցին Քապըր Շմուն-Պասաթինի միջադէպը, որուն պատճառով զոհուեցաւ երկու քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:

«Այդ միջադէպին թղթածրարը Զինուորական ատեանին մօտ կը գտնուի` նկատի ունենալով օրէնքները, եւ այդ ատեանին հետաքննութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ կառավարութիւնը կու տայ համապատասխան որոշումները», ըսաւ ան:

Հարիրի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` շաբաթ, 10 օգոստոս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ:

Հաշտութեան հանդիպումին մասին Պըրրի ըսաւ. «Պատահածը նուաճում էր»:

Իսկ Ժոմպլաթ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք գոհ է խորհրդակցութիւններուն եւ հաշտութեան արդիւնքէն:

Նշենք, որ այս հաշտութիւնը կարելի եղած էր գոյացնել, երբ հինգշաբթի ուշ գիշերին Պըրրի որոշած էր վերադառնալ իր նախաձեռնութեան եւ այդ միտումով կապուած էր վարչապետարան, Քլեմանսօ եւ Խալտէ, որոնցմէ խոստումներ ստանալէ ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր նախագահ Աունի հետ եւ կրցած գոյացնել այս հաշտութիւնը: Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաստատեցին, որ նախանցեալ գիշեր շարունակուած խորհրդակցութիւններուն մէջ, յատկապէս Արսլանի պարագային, Հըզպալլա մեծ դերակատարութիւն ունեցած է:

Պէտք է աւելցնել, որ հնգակողմ հանդիպումին լոյսին տակ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լիբանանի ամերիկեան տոլարով «2030 եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերը մէկ շաբթուան մէջ ամէնէն բարձր արժէքը արձանագրեցին:

Տնտեսական-Ելեւմտական Հանդիպում

Միւս կողմէ, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տնտեսական-ելեւմտական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երէկ պետերը, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթայշ, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ելեւմտական եւ տնտեսական իրավիճակը:

Պաապտայէն մեկնումի պահուն, պատասխանելով երկրին ելեւմտական կացութեան մասին լրագրողներէն մէկուն ուղղած հարցումին, Ռիատ Սալամէ ըսաւ. «Բացառիկ»:

Մինչ տեղեկատուական աղբիւրներ հաստատեցին տնտեսական-ելեւմտական հանդիպումին դրական արդիւնքներուն մասին, նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ առանց քաղաքական կայունութեան կարելի չէ տնտեսական-ելեւմտական կայունութիւն հաստատել:

ՆՇԵՆՔ, որ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ զինք զանց կացուցած են տնտեսական-ելեւմտական հանդիպումէն:

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Աշխատանքի Նախարարին

Յաջորդը

Զախարովա. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Բանակցութիւններու Ճամբով Որոշման Վերաբերեալ Ռուսիոյ Դիրքորոշումը Անփոփոխ Է»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?