Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Քաթարի մէջ թրքական խարիսխի մը հաստատումը արաբ ազգին դէմ դաւադրութեան նոր օղակ մը կը նկատուի:
Ան կոչ ուղղեց վերյիշելու 1980-ական թուականներուն Իրաքի մէջ հաստատուած թրքական խարիսխները:
«Չկայ վայր մը, ուր ախորժակը սրած օսմանցին մուտք գործած է եւ ապա նահանջած», ըսաւ Ուահապ` աւելցնելով, որ Քաթարի պետութիւնը թունաւոր սուր մըն է, որ մխրճուած է արաբական մարմնին մէջ, ու տակաւին իր թոյները կը սրսկէ Սուրիայէն մինչեւ Լիպիա:
 
			


