Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի հերթական նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի պատկերը ներքին եւ արտաքին իմաստով կ՛աղաւաղուի:
Հանդիպումը անհրաժեշտ նկատեց, որ անմիջական փոփոխութիւններ կատարուին պետութեան վարուելակերպին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն նուազագոյն վստահութիւնը վերականգնել:
«Պատգամ երկիր Լիբանանը արժանի չէ, որ իր պատմութիւնը ջնջուի եւ յարաբերութիւնները քանդուին», հաստատեց Հանրապետութեան հանդիպումը:



