Հըզպալլա հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուրի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածուն է շէյխ Հասան Իզզէտտինը:
Իզզէտտին յայտնեց, թէ Սուրի մէջ ինք թեկնածու է շիի համայնքին աթոռին, որուն շուրջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:



