Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ շնորհաւորեց Լիբանանը 33-օրեայ պատերազմին արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր ժողովուրդով եւ Դիմադրութեամբ փաստեց աշխարհին, որ Իսրայէլը կարելի է տապալել:
«Լիբանան ապացուցեց, որ սիոնական գոյացութիւնը չի կրնար իր սանձազերծած պատերազմներով եւ կրակ տեղացնելով արիւնաքամ դարձնել շրջանի ժողովուրդները», ըսաւ ան:
Զարիֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը ամբողջ շրջանին յաղթանակն էր, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքներուն եւ առողջ միջազգային յարաբերութիւններուն յաղթանակը: «Հետեւաբար շրջանի ժողովուրդներն ու աշխարհը պարտական են Դիմադրութեան, լիբանանցի ժողովուրդին եւ Հըզպալլային, որոնք հակադարձեցին սիոնական գոյացութեան, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, որ աշխարհին փորձանք կը սպառնար», հաստատեց Զարիֆ:



