Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ, եթէ կառավարութիւնը խորքային բարեկարգումներու չդիմէ, ապա Լիբանան շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ պիտի ըլլայ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր հիւանդանոցները մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն` շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը: Ան ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ապահովելու համար հիւանդանոցներուն իրաւունքները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան Թափանցիկութեան համաշխարհային ֆորումին կողմէ Լիբանանի իրավիճակին մասին կատարուած արժեւորումին գծով:

ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ եւ արհեստագիտութեան պետական նախարար Ատել Աֆիունի կոչ ուղղեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը բովանդակէ արմատական բարեկարգումներ: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ ելեւմտական բարեկարգուած ծրագիրի մը մշակումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ Լիբանան կ՛ապրի տնտեսական-ելեւմտական դժուար պայմաններ` ընդգծելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը օրական 40 անգամ նիստ պէտք է գումարէ` հատուցելու համար իր աշխատանքի քառասնօրեայ խանգարումը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան ընդգծեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ժոմպլաթի Լիբանան վերադարձէն ետք:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ սիոնական գոյացութեան դէմ կռուողն ու պայքարողը լիբանանցիներուն եւ լիբանանցի նոր սերունդներուն դիմաց բացած է ազատութեան ու անկախութեան ուղին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ազգային միասնական եւ միացեալ կեցուածքի մը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող տնտեսական մարտահրաւէրը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լեռնալիբանանի մէջ տիրող հաշտութիւնը ամուր է ու հաստատ եւ ոչ թէ մակերեսային:

Նախորդը

Աւելի Քան Հազար Ուխտաւորներ Մասնակցեցան Դէպի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք Ուխտերթին

Յաջորդը

«Խիստ Կարիքը Կայ Լիբանանը Վերաշխուժացնող Ազգային Բարեկարգումի Կեցուածքի Մը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.