Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյթէտտինի Մէջ. «Եթէ Մեզի Դէմ Դարձեալ Պատերազմ Սանձազերծուի` Յաղթանակը Անգամ Մը Եւս Պիտի Կրկնուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 17, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ փոխադրուեցաւ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց:

Նշենք սակայն, որ Շուֆէն Պէյթէտտին տանող ճամբուն վրայ զետեղուած` նախագահ Աունի Պէյթէտտին ժամանումը ողջունող եւ անոր բարի գալուստ մաղթող  պաստառներէն քանի մը հատը անծանօթներու կողմէ պատռտուած էին Մուլթաքա Նահրէյնի մօտակայքը:

Ի տես այս տհաճ երեւոյթին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ կէսօրէ

առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ նախագահ Աունը ողջունող պաստառները պատռտելը կասկածելի քայլ է իր նպատակներուն մէջ եւ տուեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լեռնալիբանանը կ՛ողջունէ նախագահ Աունի ժամանումը Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոց:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանը ազգային համերաշխութեան օրինակելի տիպարն է եւ ան կ՛ողջունէ նախագահ Աունի Պէյթէտտին ժամանումը:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար ընդգծեց, որ Պէյթէտտինի մէջ նախագահ Աունի ներկայութիւնը կ՛ամրապնդէ Պաապտայի մէջ կատարուած հաշտութիւնը:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա յայտնեց, որ նախագահ Աուն այսօր Պէյթէտտինի մէջ պիտի ընդունի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը` աւելցնելով, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ նախագահ Աունի պիտի այցելեն ճամբորդութենէն վերադարձին:

Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աունի այցելեն նաեւ Շուֆի քաղաքական եւ կրօնական հեղինակութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններ եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց իր, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայութեան մշակուած ելեւմտական թղթածրարին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է այդ թղթածրարին գործադրութեան հետեւիլ:

Անդրադառնալով Լեռնալիբանանի հաշտութեան` նախագահ Աուն շեշտեց, որ հակառակ արտաքին կեցուածքներուն, իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ապահովելու համար Լիբանանի շահերը: «Ճիշդ է, որ հարցը աւարտած է, սակայն տակաւին կան անոր հետեւանքները, որոնք բարւոք լուծման պիտի արժանանան», ըսաւ ան:

Յուլիսեան պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ. «Եթէ մեզի դէմ դարձեալ պատերազմ սանձազերծուի` յաղթանակը անգամ մը եւս պիտի կրկնուի»:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Հարիրի – Փոմփէօ Հանդիպումը Կը Հաստատէ Լիբանանի Նկատմամբ Ամերիկեան Վարչակազմին Զօրակցութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանանի, Դիմադրութեան Եւ Ոսկեայ Տարազին Ուժն Է, Որ Տապալեց Թշնամին Եւ Կերտեց Ապահովական Կայունութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.