ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 16 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պընթ Ժպէյլի մէջ տեղի ունենալիք «Յաղթանակ եւ արժանապատուութիւն» փառատօնին ընթացքին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ 2020-ի պետական ամավարկի մշակման աշխատանքը մեծ թափով կ՛ընթանայ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ քննարկեց երկու երկիրներու դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի քաղաքականութիւնը հիմնուած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դէմ թշնամանք տածելու հիման վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ ողջունեց Պաապտայի մէջ գոյացած հաշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց գործադրելու Թաէֆի համաձայնագիրին կէտերը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ կառավարութիւնը ստիպուած է արագացնել բարեկարգումի նպատակով որդեգրելիք իր քայլերը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ զօրակցութիւն յայտնեց հիւսիսային Լիբանանի բնակչութեան` մերժելով հիւսիսային Լիբանանի մէջ թափօններու թաղման վայրեր ստեղծելու դրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ 2006-ին Լիբանան Իսրայէլի դէմ յաղթանակ արձանագրած է: Ան յոյս յայտնեց, որ յաղթանակը կը շարունակուի նաեւ ներքին փտածներուն եւ գործակալներուն դէմ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են, որ երկրին քաղաքական լարուած իրավիճակը իր ժխտական ազդեցութիւնը չունենայ ելեւմտական կացութեան վրայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ յայտնեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է ընծայել երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութեան բարելաւման, ինչպէս նաեւ քաղաքական կայունութեան ամրապնդումին: Ան նաեւ պահանջեց, որ լիբանանցի կիները աւելի աշխուժ եւ աւելի մեծ թիւերով ներգրաւուին լիբանանեան քաղաքական ասպարէզին մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ պահանջուածը կառավարութեան աշխատանքի աշխուժացումն է` աւելցնելով, որ Պաապտայի մէջ գոյացած հաշտութիւնը երեւութապէս համոզիչ չէր:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ` հասնելով մինչեւ Շէյխի լեռներ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպումէն ետք բանավէճի եւ մարտահրաւէրներու կարիք չկայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի փրկութեան արագ նախաձեռնութիւն մը առաջադրեն` երկրին մէջ բարեկարգումներ գործադրելու եւ Լիբանանը շրջանի տագնապներէն զերծ կացուցելու իմաստով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր կարծիքով վարչապետ Սաատ Հարիրի շատ աւելի խոհեմ պիտի ըլլայ եւ Լիբանանի մէջ միջամտութիւններու փորձ նկատուող ամերիկեան պահանջներուն պիտի չընդառաջէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահին մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաջնահերթութիւն կը նկատէ երկրին տնտեսական-ելեւմտական կացութեան բարելաւումը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ հաշտութիւն մը գոյացնելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ համամիտ է, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան մէջ լուրջ փոփոխութիւններ կատարուին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն ընդգծեց, որ քաղաքական առումով յաղթող կամ յաղթուողի մտայնութիւն պէտք չէ գոյութիւն ունենայ: Ան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները Քապըր Շմունի միջադէպին թղթածրարը կը շարունակեն հետապնդել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ատհայի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ ողջունեց Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած սրտբացութեան եւ հաշտութեան հանդիպումը:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ աղբահանումի շրջագիծին մէջ համաձայնութիւններ գոյանան: Ան ընդգծեց, որ կարեւորագոյնը փողոցներուն մէջ գտնուող աղբը վերցնելն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ հաստատեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի 2020-ի պետական ամավարկը անմիջապէս վաւերացնել:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան ելեւմտական բարեկարգումները շարունակուին` 2020-ի պետական ամավարկին մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ ներկայիս Լիբանանի քաղաքական կայունութեան պահպանումը հիմնական պահանջ է եւ անհրաժեշտութիւն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ Հուժէյրի հովիտին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուքոզ հաստատեց, որ Հուժէյրի հովիտը պիտի մնայ դիմադրողներուն հովիտը` ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք բռնագրաւած են Լիբանանի հողերը:


