Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի որոշումներուն գործադրութեան հոլովոյթին: Այդ որոշումները կը վերաբերին շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած բռնարարքներուն:
Նախագահ Աուն հետեւեցաւ նաեւ այդ յարձակումին մասին Զինուորական ատեանի ընդհանուր դատախազութեան բացած հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ այդ բռնարարքներուն մասին արձանագրուած ներքին եւ արտաքին կեցուածքներուն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Պաաքլինի տիկնանց միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Շամի Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքները, որոնք կը ծառայեն Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը իրենց շրջաններուն մէջ պահելու նպատակին` հակառակ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Նախագահ Աուն ողջունեց միութիւնը` շրջանին մէջ ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու իր ջանքերուն համար:



