Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանան Արաբական Լիկայէն Պիտի Խնդրէ Յատուկ Նիստ Մը Գումարել` Քննարկելու Համար Իր Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Բռնարարքները» Շեշտեց Քանայի

August 29, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբական երկիրներու դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Դիւանագիտական այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի (դիւանագիտական անձնակազմի պետ), Օմանի դեսպան Պատըր պըն Մոհամետ Մունզիրի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Մարոքի դեսպան Մոհամետ Աքրին, Ալճերիոյ դեսպան Ահմետ Ապու Զայեան, Սուտանի դեսպան Ալի Սատեք Ալի, Իրաքի դեսպան Ալի Ապպաս Ամիրի, Թունուզի դեսպան Քարիմ Պու Տալի, Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսի, Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, ինչպէս նաեւ Յորդանանի դեսպանատան գործակատար Ուաֆա Աթիմ, եւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդատու, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Հանդիպումէն ետք Քանայի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի ներկայացուց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ վերջերս արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին Լիբանանի տեսակէտը, «իսկ մենք` իբրեւ արաբական երկիրներ, մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք Լիբանանին եւ յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր որդեգրած միջոցառումներուն` պաշտպանելու համար իր անկախութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ ան:

Քանայի յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք իմացած են, որ Լիբանան Արաբական լիկայէն պիտի խնդրէ յատուկ նիստ մը գումարել` քննարկելու համար իր դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները:

Վարչապետ Հարիրի յետմիջօրէին ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտել Քերիմ Տաայսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եմէնեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Նոր Զելանտայի նոր նշանակուած դեսպան Կրեկ Լուիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Հարիրի պահանջած էր Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Լիբանանի ու այդ բանաձեւին դէմ իսրայէլեան խախտումները կասեցնելու առումով:

Վարչապետ Հարիրի շեշտած էր շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Արսալ Եւ Ընդունեց Քուպիչը

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Քննարկեց Լիբանանը Չինացի Զբօսաշրջիկներուն Ուղղութեան Կիզակէտը Դարձնելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.