Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան վաղը` շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին պիտի ուղղուի Հռոմ, քննարկելու եւ ուսումնասիրելու համար Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի վիճակագրութեան համակարգին յատկացուած օժանդակութեան յատուկ ծրագիրը:
Դոկտ. Կիտանեանի պիտի ընկերակցին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատակազմէն` ծրագիրի համադրող Մարլեն Պախոս, ընկերային գիտութեանց փորձագէտ դոկտ. Լարա Պատըր եւ վիճակագրական հաշուարկի մասնագէտ Մայսա Տահեր:



