Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Կը Քննարկէ Զբօսաշրջական Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

August 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Չինաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ մեծ թիւով չինացի պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-չինական երրկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Փեքինի լիբանանեան դեսպանատան կողմէ նախարար Կիտանեանի ի պատիւ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ եղաւ նաեւ առիթ մը հանդիպումներ ունենալու Չինաստանի մէջ գտնուող արաբական կարգ մը երկիրներու, ինչպէս` Քուէյթի, Եգիպտոսի, Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Օմանի դեսպաններուն հետ:

Նախարար Կիտանեան առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի մէջ Թունուզի դեսպանին հետ: Քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանան-Թունուզ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Երկօրեայ հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ նախարար Կիտանեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը աշխատանքային եւ գործնական հանդիպումներ ունեցան նաեւ չինական ճամբորդական գրասենեակներու եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործող մասնագէտներու հետ:

Այս հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան այն քայլերը, որոնք պիտի որդեգրուին` գործնականացնելու համար Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ զբօսաշրջութեան մարզի գործակցութեան ամրապնդման նպատակով տրուած որոշումներն ու կայացած համաձայնութիւնները:

Ա. Կիտանեան հարցազրոյցներ ունեցաւ Չինաստանի պաշտօնական լրատու գործակալութեան, ինչպէս նաեւ չինական պատկերասփիւռի կայաններու եւ տարբեր լրատուամիջոցներու հետ:

Տեղեկատուական քարոզչութեան նորօրեայ մարզի կարեւորութիւնը նկատի ունենալով` նախարար Կիտանեան հանդիպումներ ունեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցող հեղինակութիւններու հետ, որպէսզի անոնց ընդմէջէն Լիբանանի շուկայադրումը կատարուի` դէպի Լիբանան զբօսաշրջութիւնը քաջալերելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Օմանցի Առեւտրականներու Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.