Լիբանանեան

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութեան  Նկատմամբ Մեր Տեսակէտը Գերիշխանական Է  Եւ Կը Համընկնի Ազգային Միացեալ Կեցուածքին»  Շեշտեց Աուն

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութեան Նկատմամբ Մեր Տեսակէտը Գերիշխանական Է Եւ Կը Համընկնի Ազգային Միացեալ Կեցուածքին» Շեշտեց Աուն

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութեան նկատմամբ համախմբումին տեսակէտը գերիշխանական է եւ կը համընկնի ազգային միացեալ կեցուածքին: Ժրայսաթի հաստատեց,...

Նախագահ Աունի Դէմ Թրքական Հակազդեցութիւններու Վերաբերող Անդրադարձը Պիտի Շարունակուի

Նախագահ Աունի Դէմ Թրքական Հակազդեցութիւններու Վերաբերող Անդրադարձը Պիտի Շարունակուի

Օսմանեան կայսրութեան եւ Լիբանանի մէջ անոր բռնատիրութեան, գործած սպանդներուն եւ պետական ահաբեկչութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւններուն ճշմարտացիութիւնը հաստատող կեցուածքները եւ տեսակէտները հետզհետէ կը ծաւալին: Այդ հակազդեցութիւններուն արդէն իսկ անդրադարձած ենք եւ յաջորդաբար նման արձագանգներ պիտի հրատարակենք մեր յառաջիկայ թիւերով: Նախագահ Աունի դէմ թրքական հակազդեցութիւններուն մասին «Վանայ Ձայն» յատուկ հաղորդում մը սփռեց երէկ` Հալա Հատտատի «Քըլ եոմ...

Լիբանան Թուրքիայէն Կը Պահանջէ  Սրբագրել Իր Գործած Սխալը

Լիբանան Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Սրբագրել Իր Գործած Սխալը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլ այսօր կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ցուցմունքներուն հիման վրայ, նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն, դեսպան Ղատի Խուրի ընդունեց Չաքըլը եւ բացատրութիւն պահանջեց անկէ` անոր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մասին: Խուրի ընդգծեց, որ Լիբանան...

«Լիբանանի Մէջ Միակ Արդիւնաբեր  Մարզը  Զբօսաշրջութիւնն Է,  Ուր Դրական Թիւեր Կ՛արձանագրուին»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանանի Մէջ Միակ Արդիւնաբեր Մարզը Զբօսաշրջութիւնն Է, Ուր Դրական Թիւեր Կ՛արձանագրուին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու Հըզպալլայի կողմէ իսրայէլեան բռնարարքներուն տրուած պատասխանը այդքան ժխտական ազդեցութիւն չեն ունեցած զբօսաշրջութեան վրայ: «Կիրակի օր պանդոկներու մէջ ապահովուած սենեակներու որոշակի թիւ մը ջնջեց իր ամրագրումը, սակայն երկուշաբթի եւ երեքշաբթի օր ամէն բան իր բնականոն հունին մէջ մտաւ, եւ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հասան Լիբանան», ըսաւ ան: Ա....

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը  Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներ: Հանդիպումէն ետք Ռամպլինկ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ պիտի շարունակուին: Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, ընկերակցութեամբ անոր քաղաքական եւ զինուորական օգնականներուն:...

Պու Սաապ. «Օսմանեան Բռնատիրութեան Մասին  Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները  Պատմական Ճշմարտութիւններ Են»

Պու Սաապ. «Օսմանեան Բռնատիրութեան Մասին Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները Պատմական Ճշմարտութիւններ Են»

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր  ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական թէ ապահովական: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ Հիժրայի տարուան առիթով շնորհաւորած է միւֆթի Տըրիանը եւ անոր փոխանցած իր բարեմաղթութիւնները: Պու Սաապ բարձր գնահատեց հանրապետութեան միւֆթիին ազգային կեցուածքները, յատկապէս` Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող: Ան...

Տիւքան. «2020-ի Պետական Ամավարկը  Պէտք Է Վաւերացնել Ամէնէն  Արագ Ժամանակամիջոցին»

Տիւքան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Պէտք Է Վաւերացնել Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին»

«Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքան երէկ ժամանեց Լիբանան, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ: Տիւքան իր հանդիպումներուն սկսաւ այցելելով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Հանդիպումէն ետք Տիւքան հաստատեց, որ, «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն համաձայն, կան շարք մը բարեկարգումներ, որոնք պէտք է գործադրուին: Ան նշեց, որ այդ որոշումները կը վերաբերին պետական մարզին, մաքսատան հարկերէն խուսափելուն եւ այլ հարցերու: Տիւքան...

Ատրահի. «Իրանի Ղեկավարութեամբ Գործող  Հըզպալլայի Թիրախահար Հրթիռներու Ծրագիրը  Կը Սպառնայ Լիբանանի Ապագային»

Ատրահի. «Իրանի Ղեկավարութեամբ Գործող Հըզպալլայի Թիրախահար Հրթիռներու Ծրագիրը Կը Սպառնայ Լիբանանի Ապագային»

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր խօսքին մէջ շեշտած է, թէ Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներու արտադրութեան գործարան չունի: Ատրահի ընդգծեց, որ սէյիտ Հասան Նասրալլա կը ստէ իր մօտիկներուն, Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն: «Իրանի ղեկավարութեամբ գործող Հըզպալլայի թիրախահար հրթիռներու ծրագիրը կը սպառնայ Լիբանանի ապագային»,...

Վարչապետ Հարիրի Ընդգծեց Լիթանի Գետի  Ապականումին Վերջ Տալու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Հարիրի Ընդգծեց Լիթանի Գետի Ապականումին Վերջ Տալու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան եւ բնական կազի թղթածրարները: Վարչապետ Հարիրի կէսօրին նախագահեց քարահանքերու հարցին վերաբերող նախարարական յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ռայա Հասան, Ալի Հասան Խալիլ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ֆատի Ժրայսաթի եւ Մահմուտ Քումաթի: Երեկոյեան վարչապետը ներկայ գտնուեցաւ...

Մուսթաքպալ Պլոքը Շեշտեց Պաապտայի  Տնտեսական Նիստին Տրուած Որոշումներու  Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Մուսթաքպալ Պլոքը Շեշտեց Պաապտայի Տնտեսական Նիստին Տրուած Որոշումներու Գործադրութեան Կարեւորութիւնը

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ Պաապտայի մէջ տնտեսական երկխօսութեան նիստին տրուած որոշումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը: Մուսթաքպալ պլոքը բարձր գնահատեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ ճշդուած լիբանանեան ազգային համախոհական կեցուածքը եւ Միջազգային ընտանիքէն պահանջեց պահպանել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը: Պլոքը հաստատեց նաեւ ինքզինք եւ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը` շեշտելով սակայն,...

Դիմադրութիւնը Պատասխանեց Իսրայէլեան  Բռնարարքներուն` Աւիվիմի Մէջ  Ջախջախելով Իսրայէլեան Զրահապատ Մը

Դիմադրութիւնը Պատասխանեց Իսրայէլեան Բռնարարքներուն` Աւիվիմի Մէջ Ջախջախելով Իսրայէլեան Զրահապատ Մը

Կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ը Լիբանանի կեանքին մէջ դարձաւ նշանակալից մէկ այլ թուական, երբ Հըզպալլա զինուորական յանդուգն գործողութեամբ մը ցնցեց Իսրայէլը` յարգելով Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան վերջին ոտնձգութեան պատասխանելու իր խոստումը: Դիմադրութեան կատարած զինուորական գործողութենէն օր մը առաջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաստատած էր, որ Իսրայէլի դէմ պատասխանը անխուսափելի է, եւ ոչ մէկ սպառնալիք պիտի կասեցնէ այդ գործողութեան գործադրութիւնը:...

Լիբանանի Մէջ Յայտարարուեցաւ  Տնտեսական Արտակարգ Իրավիճակ

Լիբանանի Մէջ Յայտարարուեցաւ Տնտեսական Արտակարգ Իրավիճակ

Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տնտեսական-ելեւմտական խորհրդաժողով մը: Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած տնտեսական խորհրդաժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ,...

Յ. Բագրատունի. «Նախագահ Աուն Ճշմարտութիւնը Խօսեցաւ, Իսկ Էրտողան Շարունակեց Պատմութեան Նենգափոխումը»

Յ. Բագրատունի. «Նախագահ Աուն Ճշմարտութիւնը Խօսեցաւ, Իսկ Էրտողան Շարունակեց Պատմութեան Նենգափոխումը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նորօրեայ սուլթան Էրտողան անգամ մը եւս, այս անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով փաստեց, որ Թուրքիոյ հարցը ո՛չ միայն հայութեան հետ է, այլեւ ճշմարտութեան եւ ճշմարտութիւնը յայտնողին: «Այո՛, նախագահ Աուն ճշմարտութիւնը խօսած է: Իսկ Էրտողան անդրադարձած է այն «ճշմարտութեան», որ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն մինչեւ...

Մեծն Լիբանանի Հռչակումի 100-ամեակին Առիթով  Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները  Կը Բռնկեցնեն Պաշտօնական Թուրքիան

Մեծն Լիբանանի Հռչակումի 100-ամեակին Առիթով Նախագահ Աունի Յայտարարութիւնները Կը Բռնկեցնեն Պաշտօնական Թուրքիան

Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100-ամեակի տօնակատարութեանց մեկնարկին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն: Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք Մեծն Լիբանանը կը փափաքին ունենալ յառաջիկայ հարիւրամեակին, եւ ինչու չէ նաեւ յառաջիկայ հազարամեակին եւս, որովհետեւ անիկա ազատութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու, ժողովրդավարութեան, բազմազանութեան, նորարարութեան, ինչպէս նաեւ...

Նապաթիէի Մէջ.   Իմամ Մուսա Սատըրի  Եւ Անոր Ընկերակիցներուն  Նուիրուած Ոգեկոչումի Ձեռնարկ

Նապաթիէի Մէջ. Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն Նուիրուած Ոգեկոչումի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին, շաբաթ, 31 օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Նապաթիէի «Աշուրա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ իմամ սէյիտ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգման 41-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումի ժողովրդային ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ իմամ Սատըրն ու անոր ընկերակիցները լիպիական արգելարաններէն փրկելու աշխատանքը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ իրենց...

Ժահժահ. «Ցաւ Ի Սիրտ Այն Իշխանութիւնը,  Որ Փափաքեցանք, Եւ Կը Փափաքինք Վկայել`  Փոքր Պետութենէն Անկախ Պետականութեան  Վերականգնումի Իշխանութիւնը,  Մեր Յոյսերուն Չի Համապատասխաներ»

Ժահժահ. «Ցաւ Ի Սիրտ Այն Իշխանութիւնը, Որ Փափաքեցանք, Եւ Կը Փափաքինք Վկայել` Փոքր Պետութենէն Անկախ Պետականութեան Վերականգնումի Իշխանութիւնը, Մեր Յոյսերուն Չի Համապատասխաներ»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, կիրակի, 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան ձեռնարկը: Այս առիթով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ առանց Լիբանանեան ուժերու նահատակներուն թափած արեան հոն չէինք ըլլար, Մեհրապը չէր ըլլար, Պաապտան չէր ըլլար եւ ո՛չ ալ լիբանանեան պետութիւնը կ՛ըլլար: Ան յայտնեց, որ Լիբանանեան...

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին:  

«Ժամմալ Թրասթ» Դրամատան Դէմ Պարտադրուեցան  Ամերիկեան Պատժամիջոցներ, Իսկ Կեդրոնական  Դրամատունը Հաստատեց «Ժամմալ Թրասթ»-ի Մէջ  Գոյութիւն Ունեցող Հաշիւներուն Ապահովութիւնը

«Ժամմալ Թրասթ» Դրամատան Դէմ Պարտադրուեցան Ամերիկեան Պատժամիջոցներ, Իսկ Կեդրոնական Դրամատունը Հաստատեց «Ժամմալ Թրասթ»-ի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Հաշիւներուն Ապահովութիւնը

Նախանցեալ օր ուշ գիշերին Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ լիբանանեան «Ժամմալ թրասթ» դրամատան դէմ պատժամիջոցներ պարտադրած է` նկատի ունենալով անոր կապերը Հըզպալլայի եւ Իրանի հետ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ պարտադրեց նաեւ «Ժամմալ թրասթ» դրամատան պատկանող ապահովագրութեան երեք ընկերութիւններու դէմ` դրամատունը ամբաստանելով Հըզպալլային հսկայական գումարներ տրամադրելու, արհեստագիտական օժանդակութիւններ յատկացնելու, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդին նիւթական ծառայութիւններ մատուցելու յանցանքով: «Ժամմալ թրասթ» դրամատունը...

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին Առիթով .  Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան  Լիբանանցիներուն Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը

Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին Առիթով . Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Լիբանանցիներուն Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը պիտի ուղղէ լիբանանցիներուն` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակին առիթով: Ան պիտի անդրադառնայ 100-ամեակին նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն գոհունակութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին համար` աւելցնելով, որ այդ որոշումը անսաց Լիբանանի պահանջներուն,...

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով  Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Իսրայէլեան «էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ Նաքուրայի եւ Սուրի վերեւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործեցին` ոտնձգութիւն գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ: Միւս կողմէ, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը շարունակեցին իրենց շրջուն ջոկատներով հսկել սահմանային խաղաղութեան: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր գումարեց...

Page 529 of 988 1 … 528 529 530 … 988

Արխիւներ