ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ հաստատեց, որ վախի եւ իրարանցումի կարիք չկայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ Կեդրոնական դրամատունը առանց իր փոխկառավարիչներուն պահել:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Լաքքիս շեշտեց, որ տնտեսական հանդիպումը առիթ մըն է` էական եւ կարեւոր որոշումներ տալու: Ան աւելցուց, որ իրենց նպատակները իրականացնելու համար ոչ մէկ ջանք պիտի խնայեն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման հաստատեց, որ իրենք փափաքած են կառավարութեան փոխանցել, թէ կը մերժեն նշանակումներու իմաստով որդեգրուած սխալ ձեւը, եւ նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ընթացքին դրսեւորուող սեղանատակի համաձայնութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս ընդգծեց դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պէտք է անպայման որդեգրել դատական իշխանութիւններուն մէջ նշանակումներ կատարելու գործիքակազմ մը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց որդեգրելու Դիմադրութեան զօրակցող իսկական կեցուածք մը, որ անոր գործունէութեան իսկական հովանաւորութիւնը կ՛ապահովէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի նկատմամբ սէուտական մնայուն զօրակցութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաջին օրէն իսկ երկրին տնտեսութիւնը նկատած է առաջնահերթ եւ մշակած է տնտեսական բարգաւաճման համապատասխան ծրագիր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ մաղթեց, որ տնտեսական երկխօսութեան նիստին ընթացքին որդեգրուելիք քայլերն ու տրուելիք որոշումները ի վիճակի ըլլան երաշխաւորելու փրկութեան ծրագիրի մը պահանջները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ընտրական ճակատագիրը կախեալ են Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիէն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ պէտք է շարունակել պայքարիլ` մինչեւ ազատագրումը սուրիական բռնագրաւուած բոլոր հողերուն, որոնց շարքին նաեւ Կոլանի բարձունքներուն ազատագրումը:
ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ ժամանած 150 երիտասարդներ երէկ քանատական դեսպանատան դիմաց կատարեցին նստացոյց մը` պահանջելով իրենց արտագաղթի առիթ տալ: