Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, երկիրը յուզող տագնապն ու անոր հետեւանքները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ կեդրոնանալու Լիբանանի ապահովական, ապրուստի, բժշկական, ելեւմտական եւ դրամատնային մարզերուն դիմագրաւած տագնապներուն լուծման վրայ:
Պլոքը ընդգծեց, որ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պէտք է այս իմաստով ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Անուար Խալիլ, որ յայտնեց, թէ լիբանանցիներուն կողմէ իրենց ներքին հարցերով եւ տագնապներով զբաղուածութիւնը պէտք չէ արգելք հանդիսանայ, որ անոնք չնշմարեն իսրայէլեան բռնարարքները, յատկապէս Լիբանանի պատկանող տնտեսական շրջանին մէջ:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան նաւ մը մուտք գործած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող Լիբանանի յատուկ տնտեսական շրջանի սահմաններէն ներս եւ կատարած է հետազօտութիւններ, որոնք ՄԱԿ-ի թիւ 56 եւ 60 յօդուածներու խախտում կը նկատուին, «իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած են», ըսաւ Խալիլ:
Ան նշեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կը դատապարտէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները եւ կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը` այս բացայայտ խախտումին վերաբերեալ: