Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետի Նշանակման Այսօրուան Խորհրդակցութիւնները Մէկ Շաբաթով Յետաձգուեցան

Դեկտեմբեր 9, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր տեղի ունենալիք վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները մէկ շաբաթով յետաձգուեցան:

Երէկ գիշեր երեկոյեան ժամը 10:00-ին, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Նկատի ունենալով երէկ երեկոյեան արձանագրուած զարգացումները, ընդառաջելով երեսփոխանական տարբեր պլոքներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ նոր վարչապետի նշանակման առումով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու առիթ տալու նպատակով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն որոշեց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները մէկ շաբաթով յետաձգել: Հետեւաբար այդ խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին: Խորհրդակցութիւններուն ծրագիրն ու ժամադրութիւնները պիտի ըլլան նոյնը, այնպէս ինչպէս նախորդին համար ճշդուած էին»:

Նշենք, որ վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումներուն մասին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` ճշդելու համար այդ խորհրդակցութիւններուն ճակատագիրը:

Մինչ տարբեր լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Հարիրի նախագահ Աունէն խնդրած է վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները յետաձգել հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին:

Սամիր Խաթիպ Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Վարչապետի թեկնածու Սամիր Խաթիպ երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Խաթիպ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիանի ցուցմունքներն ու իմաստուն կեցուածքները իմացած է` Լիբանանի դիմագրաւած դժուար այս փուլին մասին:

«Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ ազգային եւ միջիսլամական միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութիւն մը կերտելու կարեւորութիւնը», ըսաւ ան:

Խաթիպ աւելցուց, որ հանրապետութեան միւֆթին կը զօրակցի Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի զարթօնքին եւ արաբական աշխարհին մէջ ու միջազգային առումով անոր դերակատարութիւնը ամրապնդելու համար:

«Հանրապետութեան միւֆթիէն իմացայ նաեւ, թէ խորհրդակցութիւններու իբրեւ արդիւնք միջիսլամական համախոհութիւն գոյացած է Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակելու, որպէսզի ան կազմէ իր նոր կառավարութիւնը: Հետեւաբար քիչ ետք պիտի այցելեմ Սաատ Հարիրիի», ընդգծեց Խաթիպ:

Ան Տար Ֆաթուայէն ուղղուեցաւ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունենալէ ետք հրաժարեալ վարչապետին հետ ըսաւ. «Երբ վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածութիւնս առաջարկուեցաւ` ընդառաջեցի բարեկամներուս, որոնք քաղաքական ղեկավարներ են: Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Աունին, Պըրրիին եւ Հարիրիին, որոնք ինծի շնորհեցին իրենց վստահութիւնը: Այս առիթով բնական էր նաեւ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենայի քաղաքական տարբեր ղեկավարութիւններու հետ: Անցեալ երկու շաբաթներուն ընթացքին կատարեցի այդ խորհրդակցութիւնները եւ ենթարկուեցայ նախանձներու սուր արշաւներուն:

Նկատի ունենալով, որ Հարիրի առաջադրած էր անունս եւ ինծի յայտնած իր զօրակցութիւնը, հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպումէս ետք ուղղուեցայ Հարիրիի մօտ եւ անոր ներկայացուցի միւֆթի Տըրիանի տեսակէտը, որուն մասին Տար Ֆաթուայէն եւս յայտարարած էի:

Հիմնուելով այս իրականութեան վրայ, խղճի կատարեալ հանգստութեամբ յետս կը կոչեմ թեկնածութիւնս` բարօրութիւն մաղթելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ խղճի արթնութիւն մաղթելով լիբանանցի քաղաքական ղեկավարութիւններուն, որպէսզի Լիբանանը կարենան փրկել»:

Կարգ Մը Քաղաքական Ուժեր Կը Հակազդեն

Խաթիպի կատարած այս յայտարարութենէն ետք, քաղաքական կարգ մը ուժեր հակազդեցին անոր որոշումին:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր նախագահած պլոքը պիտի չմասնակցի խորհրդակցութիւններուն` մերժելով երկրին սահմանադրութեան գործադրութիւնը խախտելու իրականութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երեկոյեան ժամը 7:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց օրուան իշխանութիւնները: «Երկիրը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ է, մարդիկ անօթի են, իսկ դուք կը խաղաք ու թակարդներ կը լարէք», ըսաւ ան:

Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի մասնակցին խորհրդակցութիւններուն եւ պիտի առաջադրեն Նաուաֆ Սալամի թեկնածութիւնը:

Միւս կողմէ, Խորհրդակցական հանդիպումը նիստ մը գումարեց երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի բնակարանին մէջ` հաստատելով, որ կրօնական հեղինակութիւններուն կողմէ քաղաքական կեանքի գրաւումը վերջ մը կը դնէ սահմանադրական հաստատութիւններու, յատկապէս` խորհրդարանի դերակատարութեան, գրաւելով նաեւ քաղաքական գործունէութեան ազատութիւնը:

Ցոյցերը Կը Շարունակուին. Կոչ` Կ՛ուղղեն Ընդհանուր Գործադուլի

Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները երէկ երեկոյեան յայտարարեցին, որ այսօր ընդհանուր գործադուլ է, եւ ճամբաները պիտի փակուին` բողոքելու համար իշխանութիւններուն վարուելակերպին դէմ:

Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց պահանջն է այսօր իսկ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններ կատարել եւ նշանակել ատակ ու պարկեշտ անձնաւորութիւն մը, որ կրնայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմել եւ երկիրը իր ներկայ իրավիճակէն փրկել:

Ցուցարարները նշեցին, որ Թրիփոլիի մէջ ճամբաները պիտի սկսին փակուիլ առաւօտեան ժամը 4:00-էն սկսեալ, իսկ ժամը 8:00-էն սկսեալ պիտի փակուին Սեսինի հրապարակն ու Ռինկի կամուրջը, ինչպէս նաեւ Ժալ էլ Տիպը, Զուքը, Ղազիրը, Ժիպէյլը, Տըքուենէն, Հազմիէն, Խալտէն, Սայտան, Սուրը եւ Նաամէն:

Ուշ գիշերին փակուեցան Պեքաայի, Աքքարի, Պըտտաուիի եւ Պըհսասի ճամբաները:

Ցուցարարները աւելցուցին, որ ճամբաները փակելու համար պիտի օգտագործեն գամեր:

Երէկ երեկոյեան մեծ թիւով ցուցարարներ ողողեցին Նըժմէ հրապարակին մուտքերը եւ բազմիցս փորձեցին մուտք գործել հրապարակ:

Նահատակաց հրապարակն ու Ռիատ Սոլհը իր կարգին վկայեց բազմամարդ ցոյցեր` հակառակ աննպաստ կլիմային եւ տեղատարափ անձրեւներուն: Անոնք քանի մը անգամ հրմշտուքներ կատարեցին` Նըժմէ հրապարակ մուտք գործելու նպատակով:

Այս պատճառով ապահովութեան ուժերու աւելի մեծ թիւ մը հասաւ Պէյրութ` հակակշիռի տակ պահելու համար կացութիւնը:

Երէկ գիշեր Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ ցուցարարները լուսաւորեցին Կաղանդի տօնածառը` հաստատելով, որ անիկա լիբանանեան ազգային համակեցութեան եւ համերաշխութեան խորհրդանիշ է: Անոնք հրապարակին վրայ զետեղեցին նաեւ իրենց շարժումը խորհրդանշող բռունցքը:

Իսկ շաբաթ օր խորհրդանիշ բռունցքը զետեղուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մայրուղիին վրայ:

Նշենք, որ շաբաթ օր ցուցարարները հաւաքուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, ուր ցուցարար մը փորձեց ինքզինք հրկիզել, սակայն անոր շուրջինները արգիլեցին այդ մէկը եւ փրկեցին անոր կեանքը:

 

 

 

Նախորդը

Ժըպրան Թուէյնիի Սպանութեան Ժդ. Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Հանրապետական Այլ Ծերակուտական Մը Եւս Դէմ Դրաւ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?