Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Շարժումը Կը Մերժէ Սամիր Խաթիպի Վարչապետ Նշանակումը` Կառչած Մնալով Մասնագէտներու Կառավարութեան Կազմութեան

December 7, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ճշդումը լիբանանեան փողոցը գոհունակ ու հանդարտ պահելու փոխարէն դարձեալ բռնկեցուց զայն` վերածուելով վարչապետի հիմնական թեկնածու Սամիր Խաթիպը մերժող ցոյցերու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու եւ քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու դէմ բողոքի ցոյցերու:

Նախանցեալ երեկոյեան շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր Սամիր Խաթիպի առողջական վատ իրավիճակին մասին, սակայն երէկ անոր տեղեկատուական գրասենեակէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ անոր առողջութիւնը լաւ է:

Այլ շրջագիծի մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ ցոյց մը, որ զօրակցութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ընդգծելով, որ միայն Հարիրի կրնայ վերստանձնել վարչապետի պաշտօնը:

Կը նախատեսուի, որ այսօր առաւօտեան Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին կից կայանայ անոր զօրակցութիւն յայտնող այլ ցոյց մը:

Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները երէկ երեկոյեան յայտարարեցին, որ կ՛ուղղուին երկուշաբթի օր ընդհանուր գործադուլ յայտարարելու եւ ճամբաները փակելու` իբրեւ բողոք նոր կառավարութեան կազմութեան դէմ, նկատի ունենալով, որ անիկա զուտ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը չէ:

Աւելի ուշ նշուեցաւ, որ արդէն իսկ մշակուած է ընդհանուր ծրագիր մը` արգիլելու համար երեսփոխաններուն Պաապտա բարձրանալը, որպէսզի վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները տեղի չունենան:

Նշենք, որ ժողովրդային շարժումի ցուցարարները երէկ առաւօտեան հրկիզուող անիւներով փակեցին Քասլիքի ճամբան:

Իսկ Քասքասէն Նահատակաց հրապարակ կատարուած քայլարշաւի մը ընթացքին, ցուցարարները բողոքեցին դրամատնային համակարգին դէմ:

Ժողովրդային շարժումին կողքին, լիբանանեան խորհրդարանի տարբեր պլոքներ եւ անկախ երեսփոխաններ յայտնեցին երկուշաբթի օրուան խորհրդակցութիւններուն մասին իրենց կարծիքն ու որդեգրելիք քայլերը:

Այս առումով, երեսփոխան Միշել Տահեր յայտնեց, որ ինք պիտի չմասնակցի վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն, եթէ վարչապետի թեկնածուն Սամիր Խաթիպն է:

Երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ինք պոյքոթի պիտի ենթարկէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը` յարգելով մայրաքաղաքի բնակիչներուն կամքը:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած երեսփոխանական պլոքը հաստատեց, որ նոր վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն ընթացքին իրենց թեկնածուն պիտի ըլլայ Սաատ Հարիրին:

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը ընդգծեց, որ որոշում տուած է ոչ ոքի անունը առաջադրել վարչապետի նշանակման համար:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ խորհրդարանական այլ պլոքներ վաղը գումարեն արտակարգ նիստեր` որոշելու համար, թէ ի՛նչ ընտրանք պիտի կատարեն` վարչապետի նշանակման առումով:

ՆՇԵՆՔ, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ երկիրը տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումէ փրկելու համար Լիբանան իր գրաւը դրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի զօրակցութեան վրայ: «Փարիզի խորհրդաժողովը երկուշաբթի օրուընէ առաջ, կրնայ փոփոխութիւններ յառաջացնել վարչապետի թեկնածուներու անուններուն իմաստով», ըսաւ Ուահապ:

Նախորդը

Տոքթ. Ռոլան Եունեսի Գլխաւորութեամբ Ժողովրդային Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Յաջորդը

«Չեմ Կրնար Ըսել, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Կայ» Կ՛ըսէ Մամետեարով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.