Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Փտածութեան Թղթածրարներու Մէջ Ներառուած Չենք, Իսկ Ոմանք Կը Փափաքին Թրիփոլին Քաոսի Ենթարկել» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

December 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւններուն:

Քարամէ ակնարկեց օր մը առաջ իր բնակարանին մօտ արձանագրուած բախումներուն` հաստատելով, որ Թրիփոլին պէտք է հեռու պահել սադրանքներէ:

Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ նահատակները չեն վարկաբեկեր` աւելցնելով, որ անիկա Թրիփոլիի բնակիչներուն նկարագիրը չի ներկայացներ:

«Թրիփոլիի մէջ մենք կրնանք տարբեր կարծիքներ ունենալ, սակայն կը մնանք մէկ ընտանիք եւ չենք արտօներ, որ օտարներ մուտք գործեն քաղաք ու մեր արժանիքները փոփոխութեան ենթարկեն` իրենց վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով: Մեր հրապարակը Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակն է, յեղափոխութեան հրապարակն է», ըսաւ ան:

Քարամէ նկատել տուաւ, որ իր ընտանիքը փտածութեան թղթածրարներու մէջ ներառուած չէ` ընդգծելով, որ ոմանք կը փափաքին Թրիփոլին քաոսի ենթարկել:

Ան շեշտեց, որ ի վերջոյ պետութիւնն է, որ պիտի լուծէ երկրին հարցերը` նկատել տալով, որ փողոցին մէջ տղայական քայլերուն պէտք է վերջ տալ:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին Քարամէ ցաւակցութիւն յայտնեց Քախիա ընտանիքին, որուն անդամներէն երկուքը երէկ առաւօտեան մահացած էին, երբ տան առաստաղը փուլ եկած էր անոնց վրայ:

Քարամէ պահանջեց այս դէպքին մասին թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչել:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժեմայէլ Քիւպիչին Առաջարկեց Երկրին Տնտեսական Օղակը Բարելաւելու Շտապ Ծրագիր Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.