ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի չկարենայ երկար գոյատեւել, եթէ պէտք եղած բարեկարգումները չկատարէ եւ երկիրը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ չպահէ:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ իր մէջ օրըստօրէ աւելի եւս կ՛ամրապնդուի այն համոզումը, թէ Լիբանանի փրկութեան միակ լուծումը քաղաքացիական պետութեան կերտումն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ իրենց համար ո՛չ դիրքը եւ ո՛չ ալ իշխանութիւնը կարեւոր են: «Ինչպէս որ ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանեցինք, պիտի պաշտպանենք նաեւ անոնց ապրուստը», ըսաւ ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ինք պիտի առաջադրէ Նաուաֆ Սալամի անունը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնին համար ինք կը զօրակցի Նաուաֆ Սալամին եւ պիտի առաջադրէ անոր անունը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սահմանադրական հսկայական սխալ մը գործած է վարչապետ նշանակելէ առաջ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները կատարելով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ իր բնակարանին դիմաց բողոքի ցոյցեր չեն կատարուած, ինչպէս նաեւ կրակոցներ չեն արձանագրուած: Ան լրատուամիջոցներէն պահանջեց իրենց հրապարակած լուրերուն մէջ զգուշ ըլլալ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները յաջողին, եւ կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային նոր կառավարութիւնը կազմել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն` իմաստուն վարուելու եւ լիբանանցիները փրկելու սադրանքներու ճահիճին մէջ խեղդուելու հաւանականութենէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը այս ընթացքով շարունակէ: Ան աւելցուց, որ իրենց համար պատիւ է ըլլալու այն առանցքին մէջ, որ կը ղեկավարուի Իրանի կողմէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը մաս պիտի չկազմէ կառավարութեան, սակայն պիտի օժանդակէ, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ըլլայ հեզասահ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի ըսաւ. «Այն թեկնածուն, որ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ կ՛առաջադրուի` վարչապետի պաշտօնին համար, կը յաջողի եւ կը դառնայ երկրին յաջորդ վարչապետը»:
ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ պլոքը տակաւին իր վերջնական որոշումը չէ տուած` վարչապետի ինքնութեան զօրակցութեան առումով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ կոչ ուղղեց տալու այնպիսի որոշում մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ կազմել մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ կազմուած կառավարութիւն մը:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Նաամթալլա Ապի Նասըր երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ կացութիւնը կրնայ վատթարանալ եւ Թաէֆի համաձայնագիրէն առաջ տիրող իրավիճակէն աւելի վտանգաւոր դառնալ: