Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Պիտի Գումարուի Լիբանանի Օժանդակ Երկիրներու Խմբաւորումի Ժողով` Նախագահութեամբ Ֆրանսայի Եւ ՄԱԿ-ի

December 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Փարիզի մէջ վաղը` չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումի ժողովին, որ պիտի կայանայ նախագահութեամբ Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս ժողովը պիտի ըլլայ առիթ մը արտօնելու, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումը Լիբանանին կոչ ուղղէ կազմելու ազդու կառավարութիւն մը, որ վստահութիւն վայելէ եւ անհրաժեշտ բոլոր որոշումները տայ` երկրին տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու եւ լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումներուն ընդառաջելու:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է ճշդել այն պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են` գործադրելու բարեկարգումները, որպէսզի միջազգային ընտանիքը իր կարգին կարենայ օժանդակել Լիբանանին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ երկրին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին Ֆրանսա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, որ կարեւոր է շրջանին կայունութեան համար:

Կը նախատեսուի, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մասնակցի Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին:

Նշենք, որ Լիբանան պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը պիտի մասնակցի այդ ժողովին:

Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի անոր ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական դժուարութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթին, որ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները երէկ շարունակեցին իրենց ցոյցերը: Անոնք երեկոյեան համախմբուեցան Ռինկի կամուրջին մօտ եւ մերթ ընդ մերթ փորձեցին փակել ճամբան եւ ապա վերաբացին զայն:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենք կը բողոքեն Լիբանանի փողոցներուն մէջ բացայայտուած խայտառակութեան դէմ, ինչպէս նաեւ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները յետաձգելու դէմ:

Ցուցարարները պահանջեցին կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը:

Ուշ գիշերին, ցուցարարներ փակեցին Սաատնայելի ճամբան` զոյգ ուղղութեամբ: Քանի մը ժամ ետք ապահովութեան ուժերը յաջողեցան վերաբանալ այդ ճամբան:

Հիմնական հարցը սակայն տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ, երբ յետմիջօրէին ցուցարարները սկսան այցելել Թրիփոլիի մէջ բնակող քաղաքական ղեկավարներուն բնակարանները եւ անոնց դիմաց աղբ թափել:

Թրիփոլիի պարագային բախումներ եւ լարուածութիւն պատահեցաւ միայն երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանին դիմաց` նկատի ունենալով, որ Քարամէի բնակարանին պահակները եւ անոր հետեւորդները հակազդած էին եւ յարձակած ցուցարարներուն վրայ, ինչպէս նաեւ քարկոծած զանոնք:

Լիբանանեան բանակը փութաց Քարամէի բնակարանին մօտ եւ արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձեց ցրուել ցուցարարները, սակայն բախումները շարունակուեցան, եւ քարկոծելու թափին սաստկանալուն պատճառով բանակը երկրորդ անգամ եւս օգտագործեց արցունքաբեր կազերը, ինչպէս նաեւ ձգախէժէ փամփուշտները, եւ այս անգամ յաջողեցաւ ցրուել ցուցարարները:

Նշենք, որ մինչ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնած էր, որ ինք հարց չունի Սաատ Հարիրին դարձեալ վարչապետ նշանակելու քայլին հետ, Քարամէ ընդգծած էր, որ Հարիրի ամբողջ Լիբանանի սիւննի համայնքը չէ որ կը ներկայացնէ` աւելցնելով, որ միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հանրապետութեան միւֆթին չէ, այլ` Սաատ Հարիրիի եւ Հարիրի ընտանիքին միւֆթին:

Նախորդը

Պըրրի. «Պէտք Է Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը Եւ Օգտուիլ Միջազգային Դրական Մթնոլորտէն»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք Ճզմելու Համար Փտածութեան Ախտը»

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.