ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանակին մատուցուած զինուորական օժանդակութիւնները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն շաբաթ մը առաջ պէտք է երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուին խորհրդակցութիւններ, որպէսզի վարչապետի նշանակումէն ետք կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կազմել եւ երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկել:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքները համակարգող Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի որդեգրած այն ծրագիրները, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանին` քաղաքապետական, ծառայութիւններու եւ բարգաւաճման մակարդակներուն վրայ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ կառավարութիւնը կրնար չորս տարուան կեանք ունենալ, եթէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը համաձայն գտնուէր առաջարկուած ամերիկեան նախապայմաններուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ժամալ Ժարրահ խստիւ մերժեց Լիբանանի մասին իրանցի պատասխանատուներուն կատարած յայտարարութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն պաշտպանելու լիբանանցիներուն իրաւացի ըմբոստութիւնը եւ արգիլելու ժողովրդային շարժումին ներկայացուցած պատկերին աղաւաղումը:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ եթէ ոմանք տակաւին կը փափաքին մասնագէտներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու կառավարութիւն մը կազմել, ապա առանց Հարիրիի պէտք է փորձեն կազմել այդ կառավարութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ քաջալերեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանին` նաւթի մարզը ամբողջութեամբ պետութեան հակակշիռին տակ փոխադրելու քայլին համար: Ան հաստատեց, որ պէտք է միլիսներու իշխանութիւնը տապալել:
«ԱՐՏ» շարժումի նախագահ Թալալ Տուէյհի յայտնեց, որ քանատական դեսպանատունը վեց հազար լիբանանցի եւ սուրիացի քրիստոնեաներու արտօնած է փոխադրուիլ Քանատա եւ դառնալ քանատացի քաղաքացիներ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի խորհրդատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ Ժոմպլաթ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ հաղորդակցութեան մէջ է եւ կը ջանայ երկրին դիմագրաւած տագնապի լուծման կարելիութիւններ գտնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նոր կառավարութեան կազմութեան առումով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները սկսած են եւ յատկապէս կեդրոնացած հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէնէն աւելի առիթ ունի վարչապետ նշանակուելու: