Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի հարցերու նախարար Տըմիանոս Քաթթարը, Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարը եւ քարիւղի մարզի տնօրինման մարմինի անդամներ:
Նիստին ընթացքին մարմինի նախագահ Ուալիտ Նասսար բացատրեց այն աշխատանքային փուլերը, որոնք կը կատարէ մարմինը` իրագործելու համար քարիւղի եւ կազի յայտնաբերման ծրագիրը:
«Թոթալ» Ընկերութիւն
Վարչապետ Տիապ հանդիպում ունեցաւ նաեւ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան պատուիրակութեան հետ, որ վարչապետին ներկայացուց Լիբանանի մէջ ընկերութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ քարիւղային իրականութիւնը` լիբանանեան շրջանային ջուրերուն մէջ կազի եւ քարիւղի հորատման ծրագիրի ծիրին մէջ: