Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեպիհ Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպումին Եւ Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Նիստին

Փետրուար 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին բոլորին համար ազգային պարտականութիւն նկատեց մթնոլորտը խաղաղեցնելը եւ համապատասխան մթնոլորտի ստեղծումը` վերականգնելու համար քաղաքական կեանքը, հիմնուած` Սահմանադրութեան եւ օրէնքին վրայ: Ան յայտնեց, որ քաղաքացիները, հայրենիքը եւ կառոյցները այլեւս չեն կրնար հանդուրժել ներկայ պայմաններու նրբութիւնը եւ զգայնութիւնը:

«Մենք այժմ կանգնած ենք փրկութեան իսկական կարելիութեան առջեւ: Կա՛մ անոր կը կառչինք եւ կը յաջողինք, կա՛մ կը քաշուինք անկէ եւ կը ձախողինք», ընդգծեց Պըրրի:

Ան զարմանք յայտնեց ինչ կը վերաբերի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ տեղ գտած` ելեկտրականութեան թղթածրարը նախկինին բաղդատելու հարցին: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ելեկտրականութեան թղթածրարը չի լուծուիր Զահլէի թղթածրարին նման:

Պըրրի ընդգծեց, որ ժամանակ չկայ կորսնցնելու:

Ան նաեւ նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը պիտի սկսի յաջորդ երեքշաբթի օր, եթէ ատիկա խորհրդարան փոխանցուի առաւելագոյնը ուրբաթ առաւօտ:

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Հանդիպում

Երէկ կէսօրէ ետք Նեպիհ Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ «Դարու գործարքի» հետեւանքները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ տնտեսական կացութիւններուն վերաբերող ներքին հարցեր եւ կառավարութեան առաջնահերթութիւններու օրակարգը յաջորդ փուլին:

Նիստին մասնակիցները անդրադարձան «Դարու գործարք»-ին` նշելով, որ այս գործարքը կը նպատակադրէ լուծարել պաղեստինեան դատը եւ չեղեալ նկատել Պաղեստինի ժողովուրդին բոլոր օրինական իրաւունքները, որոնցմէ հիմնականները կը հանդիսանան տունդարձի եւ անկախ պետութիւն ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմը մայրաքաղաք հռչակելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը: Անոնք նշեցին, որ ասիկա բացայայտուած փորձ է շրջանի երկիրներուն, որոնց շարքին Լիբանանի տարածքին վրայ աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական իրողութիւններ պարտադրելու:

Այս ծիրին մէջ պլոքը լիբանանցիներուն միասնութեան եւ համախմբուածութեան կոչ ուղղեց` պայքարելու համար այս գործարքի հետեւանքներուն դէմ` կտրականապէս մերժելով պաղեստինցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու արարքը:

Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու օրակարգին, պլոքը նշեց, որ աշխատանքային ծրագիրը պէտք է ընդգրկէ յստակ գործնական ծրագիր մը, որ հիմնուած է քաղաքացիներուն իսկական պահանջներուն տեսլականին վրայ, ինչպէս` ճամբու քարտէզ մը` Լիբանանը փրկելու իր տնտեսական, կենցաղային, դրամական եւ ընկերային տագնապներէն: Պլոքը այս ծիրին մէջ կառավարութեան կոչ ուղղեց անմիջապէս աշխատելու` դադրեցնելու համար դրամատուներուն առջեւ նուաստացումը մարդոց, որոնք վերածուած են մուրացկաններու` իրենց իրաւունքները ստանալու համար: Պլոքը նաեւ կոչ ուղղեց, որ դրամատուները եւ անոնց տէրերը պէտք է կրեն իրաւական հետեւանքները` քաղաքացիներուն ապրուստը եւ դրամները վտանգի տակ դնելու համար:

Պլոքը նաեւ քննարկեց օրէնսդրական հարցեր, որոնք կը վերաբերին շարք մը օրինագիծերու, որոնք ընդգրկուած էին ապահովական պատճառներով յետաձգուած օրէնսդրական նիստի օրակարգին վրայ: Այն օրէնքներուն նպատակն է կատարել բարեկարգումներ, դատական համակարգը ամբողջովին անկախացնել, պայքարիլ փտածութեան դէմ, հիմքը դնել թափանցիկութեան եւ պահպանել հանրային դրամը: Պլոքը ընդգծեց, որ այս օրէնքներով կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանը ուղղել դէպի օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութեան:

 

 

Նախորդը

Քիւպիչ. «Եթէ Լիբանան Չօգնէ Ինքն Իրեն, Պէտք Չէ Աջակցութիւն Սպասէ Միջազգային Ընտանիքէն»

Յաջորդը

Տիապ Նախագահեց Քարիւղի Եւ Կազի Յայտնաբերման Ծրագիրի Փուլերը Ներկայացնող Նիստի Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?