Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . Կառավարութիւնը Համախոհութեամբ Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

February 7, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին համախոհութեամբ վաւերացուեցաւ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրը:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին կարեւորագոյն կէտերը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատած է վարչապետին ու նախարարական յանձնախումբին ջանքերը` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին մշակելու առիթով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր նախարարութեան մէջ պէտք է առաջնահերթութիւն ճշդել, որովհետեւ ծրագիրները շատ են, եւ այս փուլին անհրաժեշտ է ընդգծել կարեւորագոյնն ու առաջնահերթը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելէ ետք, նախարարաց խորհուրդը պէտք է շատ արագ աշխատի` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, որ նախարարները պատրաստ են եւ ատակ իրենց ստանձնած նախարարութիւններուն աշխատանքները կատարելու:

Նախագահ Աուն պահանջեց սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ սուրիական տարբեր շրջաններ արդէն իսկ ազատագրուած են, եւ այդտեղ ապահովութիւնը վերահաստատուած:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ տակաւին կարգ մը երկիրներ կը մերժեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, հակառակ անոր որ իրենք այդ հարցը արծարծած են շրջանային եւ միջազգային տարբեր հանդիպումներու ընթացքին, եւ տակաւին կը սպասեն միջազգային ընդառաջումի:

Իր կարգին, վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութեան այս նիստը յատկացուած է նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելու: Ան նշեց, որ այդ ծրագիրը նոր մշակուած ծրագիր մըն է, որ նախորդներէն չէ ընդօրինակուած, այլ` կրնայ յաջորդ կառավարութիւններուն համար լաւ օրինակ մը ըլլալ:

Տիապ դրուատեց աշխատանքային ծրագիրը մշակելու ջանքերը եւ այս իմաստով նախարարներուն ցուցաբերած լուրջ մօտեցումը, յատկապէս` փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրի ի գործ դրած ճիգերը:

Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ իրենց մշակած աշխատանքային ծրագիրը ուսումնասիրութիւններու արդիւնք է եւ անձնական հաշիւներու վրայ չէ հիմնուած: Ան նշեց, որ ինք իր կառավարութիւնը կոչած է «Մարտահրաւէրներու դիմադրութեան կառավարութիւն»:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետին արտասանած խօսքէն ետք նախարարաց խորհուրդի քարտուղարը կարդաց աշխատանքային ծրագիրը, որուն մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ կատարուեցան, ապա նախարարները համախոհութեամբ վաւերացուցին զայն:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Ապտել Սամատ յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին շուրջ տարակարծութիւն չկայ:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Աուն այսօր կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` քննարկելու համար երկրին ապահովական իրավիճակն ու անոր վերաբերող զարգացումները:

Նախորդը

«Ժողովուրդը Իսկական Տառապանքի Մէջ Է, Եւ Անոր Կարիքները Հսկայական Են» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Մամետեարով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Արցախի Հարցը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.