Հասսան Տիապ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին
Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Տիապ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը շատ բնական է: «Ինծի համար միւֆթի Տըրիան սիրելի բարեկամ է, եւ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումին առումով անոր կարողութեան ու իմաստութեան վրայ գրաւ կը դնեմ», ըսաւ ան: Վարչապետ Տիապ նշեց, որ հանրապետութեան միւֆթիին հետ քննարկած է իսլամականութեան...



















