Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիւպիչ. «Եթէ Լիբանան Չօգնէ Ինքն Իրեն, Պէտք Չէ Աջակցութիւն Սպասէ Միջազգային Ընտանիքէն»

Փետրուար 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ երէկ այցելեց Խմբագիրներու սենտիքա եւ հանդիպում ունեցաւ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի եւ սենտիքայի խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ու շրջանի մէջ կացութիւնը եւ իր տագնապները յաղթահարելու հարցին մէջ Լիբանանին օգնելու ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներուն դերակատարութիւնը:

Քսսայֆի իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկարամեայ պատմութեան: Քսսայֆի ապա անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին` նշելով, որ Իսրայէլ չի յարգեր զայն եւ կը շարունակէ ցամաքային, ծովային ու օդային խախտումներ կատարել: Ան շեշտեց Լիբանանի կառչածութիւնը այդ բանաձեւին:

Քսսայֆի աւելցուց, որ ՄԱԿ-ը Լիբանանի մէջ իր աշխատանքներուն աշխուժ համակարգողի դեր կը կատարէ եւ յաճախ հետաքրքրական յայտարարութիւններ կը կատարէ Լիբանանի ներքին հարցերուն վերաբերեալ` ընդգծելով, որ կասկածի տակ չի դրուիր ՄԱԿ-ի փափաքը օգնելու Լիբանանին:

Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ՄԱԿ-ը կը բաւարարուի՞ դիտորդի դեր կատարելով` ինչ կը վերաբերի ծովային եւ ցամաքային սահմաններ գծելու միջազգային իրաւունքներուն, այն ձեւով, որ ատիկա կը համապատասխանէ Իսրայէլի շահին` ոտնակոխելով Լիբանանի փաստուած իրաւունքները, եւ մինչեւ ե՞րբ ՄԱԿ-ը կրնայ ձերբազատիլ այս ճնշումներէն, որպէսզի յաղթեն ժողովուրդներու եւ երկիրներու իրաւունքները` ըստ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան:

Քսսայֆի նաեւ նշեց, որ երբեմն Լիբանանի ներքին կեանքին միջամուխ ըլլալը կ՛արտացոլէ ՄԱԿ-ի քաղաքականութիւնը` հարց տալով, եթէ ՄԱԿ իսկապէ՞ս լուրջ է Լիբանանին օգնելու իր տարբեր մարմիններով, եւ արդեօ՞ք ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները թափանցիկութեան օրէնքները կը գործադրեն եւ ունին դերեր` անկախ քաղաքական ազդեցութիւններէ:

Քսսայֆի անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` նշելով, որ ՄԱԿ ոչ մէկ ճիգ կը կատարէ անոնց տունդարձին համար` Լիբանանի ուսին բեռցնելով ծանր բեռեր:

Քսսայֆի իր խօսքը աւարտելով յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի ներկայութիւնը, բայց հարց կու տայ, որ այսօր ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան ո՞ր բաժինը կը գործադրուի, եւ ո՞ւր է ՄԱԿ-ի աշխատանքը Մարդկային իրաւունքներու համաշխարհային յայտարարութեան վերաբերեալ: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք ՄԱԿ-ը պարզապէս ականատե՞ս մը դարձած է ազատութեան անունով մարդկութեան հանդէպ կատարուող խախտումներուն` առանց կարենալ խօսելու:

Քիւպիչ իր կարգին նշեց, որ ան առաջին անգամն է, որ կը հանդիպի թերթերու խմբագիրներու սենտիքային հետ, յատկապէս` Լիբանանի դժուար պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ծիրին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց լրատուամիջոցներու դերը եւ անոնց իրաւունքները պահպանելը: Ան նաեւ անդրադարձաւ այն աշխատանքին եւ դերակատարութեան, զորս լրատուամիջոցները ցուցաբերեցին վերջին իրադարձութիւններուն ընթացքին:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան` Քիւպիչ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը միայն դիտորդի դեր չի կատարեր, այլ կը փորձէ ունենալ նշանակալից եւ արդիւնաւէտ դերակատարութիւն` նպաստելու համար կացութեան բարելաւման, առանց միջամուխ ըլլալու Լիբանանի ներքին հարցերուն:

Քիւպիչ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ամէնէն կարեւոր նուաճումներէն մէկը նկատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայումը խաղաղապահ ուժերու, որոնք նպաստեցին շրջանին մէջ կայունութեան եւ հանդարտութեան: Ան բացատրեց, որ ատիկա կը պատկանի ՄԱԿ-ի միջազգային օրէնքներուն, որոնք պէտք է յարգուին լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերէն: Ան նաեւ անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան` մարդասիրական գետնի վրայ, յատկապէս` տեղահանուածներու օժանդակութեան հարցով:

Քիւպիչ ընդգծեց, որ վերջին շրջանին ՄԱԿ-ը միայն դիտորդի դեր չկատարեց, այլ բազմացուց օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին հետ ունեցաւ հաղորդակցութիւններ` անհրաժեշտ օժանդակութիւնները տրամադրելու Լիբանանին: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ կառչած է իր սկզբունքներուն ու մարդասիրական միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, եւ պիտի շարունակէ մշտապէս օժանդակութիւններ տրամադրել ո՛չ միայն սուրիացի տեղահանուածներուն, այլ նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն: Ան յայտնեց ՄԱԿ-ի յանձնառութիւնը պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքին վերաբերեալ` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կ՛աջակցի երկու պետութիւններու լուծումին:

Քիւպիչ բացատրեց, որ ՄԱԿ-ը աւելի արդիւնաւէտ դերակատարութիւն ունենալու համար կարիքը ունի կառավարութեան, որ կ՛աշխատի Լիբանանի ժողովուրդին անունով եւ կ՛ընդառաջէ ժողովուրդի պահանջներուն ու կը մշակէ փրկարարական յստակ ծրագիր:

Ինչ կը վերաբերի այս փուլին Լիբանանին օգնելու համար ՄԱԿ-ի տեղադրած պայմաններուն, Քիւպիչ երեք անգամ կրկնեց «բարեփոխումներ» բառը: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է մշակէ բարեփոխումներու յստակ ծրագիր` ճշդուած ժամկէտով: «Եթէ Լիբանան չօգնէ ինքն իրեն, ապա պէտք չէ աջակցութիւն սպասէ միջազգային ընտանիքէն», յայտնեց Քիւպիչ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց քաղաքացիութիւն շնորհելու դէմ լիբանանցիներու կեցուածքին, Քիւպիչ յայտնեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին այս դժուար փուլին, եւ ան յանձնառու է սուրիացիներու ապահով տունդարձին:

Նախորդը

Վառելանիւթի Կայարաններու Սեփականատէրերու Սենտիքայի Նախագահը Ահազանգ Կը Հնչեցնէ

Յաջորդը

Նեպիհ Պըրրի Նախագահեց Չորեքշաբթի Օրուան Երեսփոխանական Հանդիպումին Եւ Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքի Նիստին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?