Նախանցեալ գիշեր Մաամըլթէյնի «Ժազիրա» ճաշարանին դիմաց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ երեսփոխան Զիատ Ասուատի համակիր նկատուող քաղաքացի մը` Ն. Օ., որ երէկ գիշեր ձերբակալուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ, խոշտանգեց Ուալիտ Ռաատ անունով այլ քաղաքացի մը, որ Թրիփոլիի բնակիչներէն էր:
Ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն շրջանառութեան մէջ դրուած այս վիտէոյին մէջ, խոշտանգողը Ուալիտ Ռաատը կը մեղադրէր, որ եթէ ան Թրիփոլիէն է, ապա ի՞նչ կ՛ընէ Քեսրուանի մէջ:
Այս վիտէոն պատճառ դարձաւ, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ մեղադրական խօսքեր հնչեցնեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հասցէին եւ զայն ամբաստանեն համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստելու յանցանքով:
Մինչ այդ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ այդ անձը անհատապէս պատասխանատու է իր արարքին եւ ոչ թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ բոլորին համայնքային բնոյթ ունեցող ոչ մէկ բախումի մէջ ներքաշուելու:
Նշենք, որ Մաամըլթէյնի մէջ արձանագրուած այդ միջադէպին պատճառով, անծանօթներ քանդեցին եւ հրկիզեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Աքքարի ակումբը:
Երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ այցելեց քանդուած ակումբը եւ դատապարտեց այդ արարքը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ իր կուսակցութեան դէմ մղուած այս արշաւին պիտի դիմադրէ գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ: