Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց եկեղեցական շարք մը հարցեր, յատկապէս ընդգծելով Միջին Արեւելքի մէջ գործող եկեղեցիներուն, այդ շրջանին մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան ինչպէս նաեւ այդ շրջանի իսլամներուն հետ գործակցելու անոնց դերակատարութեան ու պատգամին անհրաժեշտութիւնը:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց նաեւ, որ քննարկուած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի մէջ տիրող իրավիճակը, որ ընդհանրապէս պատերազմական եւ քրիստոնեաներու արտագաղթի պատկեր մը կը պարզէ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը հաստատած է արաբական աշխարհին մէջ տագնապներուն եւ պատերազմներուն վերջ դնելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, երեկոյեան Ռայի պատրիարքը Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց միասնաբար գործելու` զարգացնելու եւ բարգաւաճեցնելու համար Լիբանանը:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ իրարու միջեւ տարակարծութիւններու վրայ հիմնուիլ, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած շատ վտանգաւոր կացութիւնն ու երկրին սպառնացող տագնապները:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն հիմնական պատճառը պատասխանատուներուն միջեւ քաղաքական բաժանումն է:



