Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Է «Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Երրորդ Պարագան

February 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած երրորդ պարագան, որ Լիբանան հասած է 24 փետրուար 2020-ին, Իրանէն Պէյրութ հասած օդանաւով:

«Քորոնա» ժահրով վարակուած երրորդ պարագան, որ 1943-ին ծնած քաղաքացի մըն է, Լիբանանեան կարմիր խաչին յատուկ հիւանդատար մեքենայով փոխադրուած է Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց, ուր ան առողջապահական մեկուսարանի մը մէջ կը գտնուի, եւ որուն առողջական վիճակը կայուն է:

Հիւանդանոցին տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին հիւանդանոց հասած են 40 պարագաներ, որոնք շտապ օգնութեան բաժանմունքին մէջ ենթարկուած են բժշկական յատուկ քննութեան:

Ըստ տեղեկագիրին, անոնցմէ 9-ն կարիքը ունեցած են մնալու առողջապահական յատուկ մեկուսարաններուն մէջ: Նշենք, որ նախապէս այդ մեկուսարաններուն մէջ գտնուող 8 կասկածելի պարագաները արդէն իսկ դուրս եկած են հիւանդանոցէն եւ իրենց բնակարանները ուղղուած` 14 օրուան բնակարանային հանգիստ մը ունենալու նախապայմանով:

Նշենք, որ իրենց բնակարանները գացած այս 8 պարագաները երկու անգամ ենթարկուած են «Քորոնա» ժահրի յատուկ բժշկական քննութիւններուն, եւ երկու անգամին ալ արդիւնքը եղած է ժխտական:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն, որ «Քորոնա» ժահրի յատուկ որեւէ ախտանշան նշմարելու պարագային հեռաձայնեն 76-952699 թիւին:

Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութեան Ցուցմունքներուն Յանձնառու Մնալը «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարելու Նախաքայլն Է»

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ ուղղուեցաւ Մասնաայի սահմանային անցք, ուր յայտնեց, թէ այդ անցքէն Լիբանան հասած ոչ մէկ «Քորոնա»-ով վարակուած պարագայ արձանագրուած է:

Հասան շեշտեց, որ հանրութիւնը պէտք է յանձնառու մնայ անձնական նախազգուշութեան` հաստատելով, որ առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքը պիտի կատարուի տեղեկատուութեան եւ կրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:

Պաալպեքի կառավարական հիւանդանոցին մէջ Հասան բացումը կատարեց առողջապահական մեկուսարաններուն:

Այս առիթով ան շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն գործադրութեան յանձնառու մնալը «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նախաքայլն է:

Նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւնը նախազգուշական միջոցառումներով կը փորձէ ամրապնդել երկրին ցամաքային, օդային եւ ծովային սահմանները` աւելցնելով, որ այդ գործընթացին հսկող անձնակազմը նախանձախնդիր պիտի մնայ երկիրն ու ընկերութիւնը պաշտպանելու բոլոր ցուցմունքներուն:

Տեղեկատուութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Խուճապի Չմատնուելու, Միաժամանակ Անլուրջ Մօտեցում Չցուցաբերելու

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ նախազգուշութիւնը շատ կարեւոր է` «Քորոնա» ժահրով չվարակուելու համար: Ան աւելցուց, որ նախազգուշական քայլերուն դիմելով լիբանանցին իր կենցաղը բարելաւած կ՛ըլլայ: Ապտել Սամատ նշեց, որ այս պարագային պէտք է օգտագործել հետեւեալ ոսկեայ տարազը. «Խուճապի չմատնուիլ, միաժամանակ անլուրջ մօտեցում չցուցաբերել»:

Ան յայտնեց, որ դպրոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով չվարակուելու նախազգուշութիւնները անպայման պէտք է որդեգրուին` հաստատելով, որ այս փուլին ապատեղեկատուութիւն պէտք չէ արձանագրուին:

Այս շրջագիծին մէջ Ապտել Սամատ գնահատեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին կողմէ օրական դրութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը` անճիշդ տեղեկութիւնները կանխարգիլելու նպատակով:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարիլը ազգային ամբողջական պատասխանատուութիւն է, իսկ նախազգուշութիւնը յաւելեալ հարցերէ կը փրկէ բոլորը:

Ան նշեց, որ Լիբանանեան կարմիր խաչին, քաղաքապետութիւններուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն, հիւանդանոցներուն, ակումբներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ համագործակցութիւն կայ «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման նպատակով` ընդգծելով, որ ազգային համագործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթել այս համաճարակին:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.