Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումի երկրորդ պարագան արձանագրուած է: Նշեալ պարագան, որ դարձեալ Իրանէն վերադարձած էր Պէյրութ, արդէն իսկ կը գտնուէր Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի մեկուսարաններէն մէկուն մէջ եւ ենթարկուած էր բժշկական քննութիւններու, որոնք հաստատեցին անոր` «Քորոնա»-ով վարակուած ըլլալը: Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցը յայտարարեց, որ դիմած է հիւանդանոցին մէջ վարժանքներու մասնակցող տարբեր համալսարաններէ բժշկութեան ուսանողներուն` մաս կազմելու «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բաժանմունքին մէջ ստեղծուած բժշկական բջիջին` աւելցնելով, որ այդ դիմումին ընդառաջած են միայն Լիբանանեան համալսարանի 14 եւ Պէյրութի արաբական համալսարանի 15 ուսանողները:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի վաղը` ուրբաթ, պիտի այցելէ Փարիզ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ ֆրանսացի իր գործակիցին Ժան Իվ Լոտրիանի հետ:

Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուի Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն յանձնառու մնալն ու Լիբանանին օժանդակութիւնը, որպէսզի ան կարենայ փրկուիլ տնտեսական իր տագնապներէն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Զէյնա Աքր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ, Սպանիոյ եւ Պելճիքայի դեսպաններ Հաքան Չաքըլ, Խոսէ Մարիա Ֆերի եւ Հուփըր Քորոմեն: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ նշեալ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները:

 

Նախորդը

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութիւնը Պատժամիջոցներ Կ՛որդեգրէ Հըզպալլայի Մօտիկ Անձնաւորութիւններու Եւ Գոյացութիւններու Դէմ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.