Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին Ժան Իվ Լոտրիանի հետ:
Միւս կողմէ, Հըթթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:
Կութիերես շեշտեց, որ Միջազգային ընտանիքը պատրաստակամ է օժանդակելու Լիբանանին, պայմանաւ որ ան իր խոստացած բարեկարգումները կատարէ:



