Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ եւ վարչապետ Տիապի աւագ խորհրդատու Խտըր Թալեպ:
Ղաժար յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են նաւթի ներածման յատուկ հաշիւներ ունենալու ձեւերը:
Միւս կողմէ, յետմիջօրէին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ թելադրեց բնակարանային վարկերուն վերաբերող տոկոսները նուազեցնել: Այսպիսով ամէնէն աւելի կ՛օգտուին այն պարագաները, որոնք նախորդ երկու տարիներուն բնակարանային վարկերու ընդհանուր տնօրէնութենէն վարկեր ստացած էին: Անոնց վճարելիք տոկոսը 2,5 առ հարիւրով կը նուազի:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ժոզեֆ Ժապրան, որ վարչապետին տրամադրութեան տակ դրաւ համալսարանին ակադեմական եւ թեքնիք բոլոր կարողութիւնները` տնտեսական տագնապի բարելաւման առումով: