Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Առաջին Նաւթահորի Պեղման Նախօրեակին . «Վաղը Լիբանանի Համար Պատմական Օր Է, Զոր Պիտի Յիշէ Լիբանանի Ներկան Ու Ապագան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Փետրուար 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին լիբանանցիներուն փոխանցեց ուղերձ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան այսօր պիտի վկայէ պատմական օր մը, զոր պիտի յիշէ Լիբանանի ներկան ու ապագան, որովհետեւ այսօր Լիբանան պաշտօնապէս մաս պիտի կազմէ նաւթային երկիրներուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց, որ 2005-ին, երբ Լիբանան վերադարձաւ, գրեթէ վստահ էր, որ այս երազը պէտք է իրականանայ, ինչպէս նաեւ քաջ գիտէր, թէ Լիբանանի ճակատագիրը իրերայաջորդ տագնապներու ենթակայ դառնալը չէ, «այն աստիճան, որ յուսալքուինք ու արտագաղթենք մեր հայրենիքէն` ջնջելով անոր հետ մեր կապերը: Մենք աւելի քան երբեք պատրաստ ենք պատասխանատուութիւններ ստանձնելու եւ տնտեսական անճիշդ քաղաքականութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարիներու կուտակումներուն ընդդիմանալու եւ վերջ տալու Լիբանանի գահավիժման: Մեր կամքն է պայքարիլ` ի խնդիր Լիբանանի գոյատեւման եւ վերակենդանացնել բնականոն կեանքը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նաւթահորերու պեղման աշխատանքը պիտի ըլլայ անդունդէն բարձրանալու հիմնաքարը, ինչպէս նաեւ հիմնական փուլ` երկրին եկամտաբեր տնտեսութիւնը վերածելու արտադրողական տնտեսութեան: «Լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի եւ բնական կազի հարստութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի եւ անոր պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ նոյնքան կարծր` ինչպէս է պարագան երկրին ցամաքային սահմաններու պաշտպանութեան», հաստատեց ան:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց բոլորին` յոյսի պատուհան մը բանալու տագնապի պատին մէջ` ընդգծելով, թէ ինք վստահ է, որ լիբանանցին իր վճռակամութեամբ պիտի կարենայ թօթափել այս դժուարութիւնը եւ փայլուն ապագայ մը կերտել իր զաւակներուն համար:

Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարը, ընկերակցութեամբ` նաւթի մարզի վարչական խորհուրդի նախագահ Ուալիտ Նասըրի եւ «Թոթալ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ յառաջիկայ ժամերուն պիտի սկսի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող չորրորդ նաւթահորին պեղումը:

Նախագահ Աուն ստուգեց 4-րդ նաւթահորի պեղման մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ այս իրադարձութիւնը երկրին ազգային տնտեսութեան վրայ պիտի ունենայ դրական ազդեցութիւն:

Ան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ռիչըրտի լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններուն ամրապնդման համար անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Իր կարգին, Ռիչըրտ ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը Լիբանանին` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մը մէջ, որ յարմար պահն է անոր քաղաքացիներուն համար` ուղղակիօրէն լուծելու երկրին իշխանութեան եւ տնտեսութեան հարցերը:

Ռիչըրտ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այս փուլին ընթացքին դժուար որոշումներ տալ եւ բոլորով վերցնել երկրին բեռը:

«Բոլորը տեղեակ են, որ վերջին տասնամեակներուն վարչակարգը բնականոն կերպով չէր գործեր, հետեւաբար այս փուլը պատմական առիթ է լիբանանցի ժողովուրդին համար` էջը դարձնելու», ըսաւ Ռիչըրտ` ընդգծելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը երկրին հզօրագոյն ուժն է:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի յղեց  ցաւակցագիր մը, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն յայտնեց նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի մահուան առիթով:

Նախորդը

Վաւերացուեցաւ Բժշկական Նպատակներով Կանեփի Ցանքը Օրինականացնելու Առաջարկը

Յաջորդը

Ռուսիա Չքուէարկեց Եմէնի Դէմ Պատժամիջոցներուն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?