Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կրցած Է Ձերբակալել Ինքնաշարժներու Գողութեան Կազմակերպման Ղեկավարը

February 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկար հետապնդումներէ ետք կրցած է ձերբակալել «Միզօ»-ն, որ ինքնաշարժներու գողութեան կազմակերպման ղեկավարն է, եւ որուն դէմ արձակուած են 148 բերման գիրեր` Պրիթելի մէջ գործուած ապահովական տարբեր գործողութիւններու յանցանքով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կազմակերպած է ապահովական ընդարձակ գործողութիւն մը, որ տեւած է ամիսներ` հասնելու համար ինքնաշարժներու գողութիւնները կազմակերպող ցանցի ղեկավարին, մինչեւ որ այդ մէկը կարելի դարձած է:

«Միզօ» ծածկանունը կրող լիբանանցի յանցագործին անուան սկզբնատառերն են Տ. Թ.: Ան 30 տարեկան է եւ ամբաստանուած է շարք մը յանցանքներով, ինչպէս` ինքնաշարժի գողութիւն, թմրեցուցիչի մաքսանենգում եւ քրէական այլ յանցանքներ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, 27 փետրուար 2020-ին Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կազմակերպած է տեսակարար գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ձերբակալած է «Միզօ»-ն եւ անկէ գրաւած ինքնաշարժ մը, գնդացիրներ, ատրճանակներ, ձեռնառումբեր, թմրեցուցիչ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով «Քեփթակոն»-ի դեղահատեր:

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին Յատկացումները Կը Շարունակուին 7 Դիմումի Ընդառաջում` Փետրուար Ամսուան Ընթացքին

Յաջորդը

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ռազմափորձերուն Նպատակն Է Լիբանանի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Պատրաստ Ըլլալ»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.