Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ յաւելեալ տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցներ որդեգրեց Հըզպալլայի մօտիկ անձնաւորութիւններու ու միութիւններու դէմ:
Այդ անձնաւորութիւններն են շէյխ Եուսեֆ Ապտել Ռիտա, Քասեմ Պեզզի եւ Նուրէտտին Ժաուատ, որոնք Հըզպալլայի մտերիմ անձնաւորութիւններ են, ինչպէս նաեւ «Միրաս» եւ «Սանոֆիրա ֆարմա» գոյացութիւնները:
Մ. Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա իր հակակշիռը կը պարտադրէ լիբանանեան տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քաղաքականութեան վրայ:
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ կը սերտէ նաեւ փտածութեամբ ամբաստանուած լիբանանցիներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կարելիութիւնը:



