Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթ օր կուսակցութեան Մեթնի գրասենեակին մէջ ներկայ գտնուեցաւ այդ գրասենեակի հին եւ նոր պատասխանատուներուն միջեւ պաշտօնի յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութեան:
Այս առիթով ան շեշտեց, որ պահանջուածը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելն է, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը կրճատելու օրէնքի վաւերացումը:
Ժեմայէլ նշեց, թէ երբ ժողովուրդին եւ քաղաքական իշխանութեան միջեւ երկփեղկում կ՛արձանագրուի, ապա այդ իշխանութիւնը պէտք է վերակազմել` ժողովուրդին պատկերով:
«Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն մասին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախեւառաջ պէտք է պարզել ճշգրիտ գումարները, ապա այդ հարցին մասին խօսիլ: «Մեզի փոխանցուած բոլոր գումարները անճիշդ են: Անոնք կը ստեն, թէ՛ այդ գումարներուն մասին, թէ՛ պետական գանձարկղի նիւթական բացին մասին, թէ՛ արձանագրուած աճին մասին, նոյնիսկ` «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ դարձեալ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին նման տագնապէ մը դուրս գալու լաւագոյն ձեւը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումն է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը կրճատելու առումով Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խորհրդարանին օրինագիծ մը ներկայացուցած է:



