Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ շնորհաւորեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի  կողմէ լիբանանցի գրագէտ Ամին Մաալուֆի շնորհուած Ազգային արժանաւորաց շքանշանը: Ան նշեց, որ Մաալուֆի մեծարանքը Լիբանանի քաղաքակիրթ դիմագիծը կ՛արտացոլացնէ: «Այս շքանշանը մեզ կը մղէ աշխատելու` Լիբանանին վերադարձնելու համար իր փայլուն պատկերը, որով կը հպարտանան բոլոր լիբանանցիները:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապներուն լուծումը պէտք է ըլլայ քաղաքական եւ գործադրուի փոխանցման շրջաններու դրութեամբ:

Այս յայտարարութիւնը Սաատ կատարեց իր հօր Մաարուֆ Սաատի սպանութեան 45-ամեակին առիթով կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկին ընթացքին: Այս առիթով վարչապետ Հասսան Տիապ յայտնեց, որ Մաարուֆ Սաատի սպանութենէն 45 տարի ետք, անոր յիշատակը վառ կը մնայ, որովհետեւ անոր սպանութեան նպատակն էր սպաննել բոլոր լիբանանցիներուն համար գործող լիբանանեան պետութեան մը երազը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ երկրագործութեան նախարար Ղասսան Մուրթատա յայտնեց, որ կանեփի ցանքին օրինականացումը «Մըքքենզի»-ի կողմէ ներկայացուած առաջարկ մըն է, որուն նպատակն է զարգացնել երկրին տնտեսութիւնը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա շեշտեց, որ ինք կը մերժէ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն վճարումը կատարել` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւոր է դրամը պահել Լիբանանի մէջ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քաթարի կողմէ ֆինանսաւորուած այն ծրագիրները, որոնք կը գործադրուին Լիբանանի կառավարութեան կողմէ` ներքին գործոց նախարարութեան ճամբով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին վերադարձաւ Լիբանան: Նշենք, որ Հիւսէյն Ուաժհ նշանակուեցաւ Հարիրիի տեղակատուական հարցերու խորհրդատու:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը նոյնիսկ ինքն իրեն չի վստահիր: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան չէ ուշացած «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ վատագոյն մարդիկը անոնք են, որոնք փրկութեան առիթ մը կ՛արգելակեն` անձնական ատելութեան պատճառով, անձնական շահեր ապահովելու համար կամ արտաքին օրակարգերու գործադրութեան նպատակով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապէն կարելի է դուրս գալ: Ան կոչ ուղղեց` ժողովուրդին պահ դրած գումարներուն ձեռք չտալու:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ Բողոքի Ցոյց

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.