Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը Գուժեց Այման Մեհտի Մոհամետի Նահատակութիւնը

Մարտ 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց բանակային Այման Մեհտի Մոհամետի նահատակութիւնը:

Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակային Այման Մեհտի Մոհամետ 29 փետրուար 2020-ին Շաուաղիր-Հերմել ճամբուն վրայ ենթարկուած է կրակոցի մը, որուն պատճառով նահատակուած է:

Յայտնուեցաւ նաեւ, որ Այման Մոհամետ եւ անոր հետ այլ բանակային մը այդ շրջանը կ՛ուղղուէին հանդիպում մը ունենալու` պատասխանատու անձնաւորութեան մը հետ:

Հաղորդագրութեան համաձայն, Այման Մոհամետի ընկերակցող բանակայինը վիրաւորուած է, իսկ բանակը կը շարունակէ իր հետապնդումները` ձերբակալելու համար կրակող յանցագործը:

Այման Մոհամետի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ անոր ծննդավայրին Ռամա գիւղաքաղաքին մէջ:

Նշենք, որ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գործուած զինեալ գործողութիւնը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակին դպչիլը վտանգաւոր է:

Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ Հերմելի մէջ լարուած այս թակարդը` հաստատելով, որ անիկա լիբանանեան պետութեան հանգամանքին դէմ գործուած յարձակում է:

Ան հաստատեց, որ Աքքարի եւ Ուատի Խալետի զաւակները կարգ մը օրինազանցներու հետ բախումներու մէջ պիտի չներքաշուին, այլ համբերութեամբ պիտի զինուին` սպասելով ոճրագործներուն բացայայտումին ու անոնց դատավարութեան:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքի Աքքարի գրասենեակը խստիւ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած յարձակումը` ցաւակցութիւն յայտնելով նահատակ բանակայինի ընտանիքին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորուած բանակայինին:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը. «Բոլորը Կը Սպասեն Կառավարութեան Կողմէ Տրուելիք Քաղաքական Յանդուգն Որոշումներուն»

Յաջորդը

Թունուզի Մէջ. Ֆահմի Մասնակցեցաւ Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?