Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ Բողոքի Ցոյց

Մարտ 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ յետմիջօրէին Պարպիրէն ընթացք առած բողոքի ցոյց մը ուղղուեցաւ դէպի մայրաքաղաք Պէյրութ:

Նախքան Կեդրոնական Պէյրութ հասնիլը, ցուցարարները անցան տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան առջեւէն:

Անոնք իրենց քայլարշաւը կոչեցին. «Գինը պիտի վճարէ՛ք»` սպառնալիքը ուղղելով ներկայ իշխանութեան:

Ցուցարարները հաստատեցին, որ Ժողովրդային շարժումը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր այս կամ այն կողմին աշխատելու առիթ տալ:

Անոնք ընդգծեցին, որ կը պահանջեն կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ` շեշտելով, որ երկրին մէջ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապ չկայ, այլ` քաղաքական:

Պէյրութի քաղաքապետարանի ճամբուն վրայ ցուցարարները ուղղուեցան խորհրդարանին մուտքը տանող կէտը, ուր անոնցմէ ոմանք փորձեց կառուցուած պատը մագլցիլ եւ ապահովութեան ուժերը քարկոծել, ինչպէս նաեւ անոնց վրայ պայթուցիկներ նետել, սակայն այլ ցուցարարներ կրցան համոզել ընդվզած ցուցարարները` նման քայլերու չդիմելու:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին Ռիատ Սոլհի հրապարակին մօտակայքը:

Բանակի հրամանատարութիւնը թուիթըրեան գրառումով մը վերյիշեցուց ցոյցերը խաղաղ բնոյթի մէջ պահելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պետական եւ սեփական կառոյցներուն քանդումը ազատ խօսքի եւ կարծիքի արտայայտութիւն չէ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Պահանջուածը Ամէնէն Մօտիկ Ժամանակաշրջանին Կանխահաս Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կազմակերպելն Է» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?