Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ճափոնի Արդարութեան Նախարարը

March 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ճափոնի արդարութեան նախարար Եուշի Հիրույուքին, ներկայութեամբ Լիբանանի արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի եւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքուպօ Թաքիչիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ճափոնի հետ հեզասահ յարաբերութիւններու պահպանման:

Նախագահ Աուն նաեւ ըսաւ, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները իրենց գերիշխանութիւնը ունին եւ անոնց իրաւասութիւնները բացարձակ են` Լիբանանի մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն գծով:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Ճափոնի դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան ոչ մէկ համաձայնագիր գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Լիբանան բազմիցս նամակներ յղած է Ճափոնին` լիբանանցի գործարար Քարլոս Ղոսընի հարցով, անոր ձերբակալութենէն եւ զայն աւելի քան մէկ տարուան համար հարցաքննելու ընթացքին, սակայն այդ նամակները ճափոնական պաշտօնական իշխանութիւններուն կողմէ մնացած են անպատասխան:

Նախագահ Աուն ճափոնցի պատասխանատուին յայտնեց, որ Քարլոս Ղոսըն Լիբանան ժամանած է Պէյրութի միջազգային օդակայանէն` օրինական ձեւերով, ֆրանսական անցագիրով եւ լիբանանեան անձնաթուղթով: «Իսկ Ճափոնէն Պէյրութ անոր փոխադրութեան մանրամասնութիւնները ցարդ կը մնան անյստակ: Այդ մանրամասնութիւններուն մասին Քարլոս Ղոսըն ոչ մէկ բացայայտում կատարեց իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Հիրույուքի յայտնեց, որ Ճափոն կը փափաքի Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել` մաղթելով, որ լիբանանցի գործարար Քարլոս Ղոսընի հարցով Լիբանան գործակցութիւն կը ցուցաբերէ:

Հիրույուքի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիճ Հըթթիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներն ու Քարլոս Ղոսընի թղթածրարը:

 

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Դեսպան Աթաբէկեան Եւ Արամ Անանեան Այցելեցին Ազգային Լրատու Գործակալութեան Կեդրոն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Օրական Դրութեամբ Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.