Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքր Այցելեց Սպայից Վարժարան

March 3, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր երէկ, ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, այցելեց Սպայից վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ առաջին տարուան ուսանողներուն հետ:

Ապա ան շրջեցաւ Սպայից վարժարանին մէջ եւ ստուգեց ուսանողներուն, յատկապէս իգական սեռի ուսանողներուն կացարանները:

Աքր բարձր գնահատեց Սպայից վարժարան յաճախելու իմաստով ուսանողներուն տուած որոշումը` հաստատելով, որ անոնք կարեւոր առաքելութիւն մը կատարած են հաւատալով այն պատգամին, թէ լիբանանեան բանակը Լիբանանը կը պահպանէ զայն բաղկացնող բոլոր շերտերով:

Աքր կոչ ուղղեց ուսանողներուն` հեռու մնալու քաղաքականութենէն եւ անոր տարակարծութիւններէն: «Կարեւորը Լիբանան հայրենիքին եւ քաղաքացիին նկատմամբ բացարձակ հաւատարմութիւն ցուցաբերելն է: Իբրեւ պաշտպանութեան առաջին կին նախարար հպարտ կը զգամ Սպայից վարժարան յաճախող ուսանողներուն շարքերուն իգական սեռին ներկայութեամբ եւ կը հաստատեմ, որ կինը իր կարողութիւնն ու արհեստավարժութիւնը փաստած է վարչական, գործնական եւ զինուորական աշխատանքի դաշտերուն մէջ», շեշտեց Աքր:

Իր կարգին զօր. Աուն յայտնեց, որ Սպայից վարժարանին մէջ յաջողութեան չափանիշը ատակութիւնն է, մրցունակութիւնը եւ մուտքի քննութեան յաջողելու կարողութիւնը: «Հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր ամուր կամքով եւ ջանքերով իրականացուցած էք այդ մէկը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ իգական սեռի ներկայացուցիչներ կ՛ընդունուին Սպայից վարժարան: «Այս որոշումը արդիւնք էր այն համոզումին, որ կինը կարեւոր դերակատարութիւն ունի բանակին մէջ», շեշտեց բանակի հրամանատարը:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Դեսպան Աթաբէկեան Եւ Արամ Անանեան Այցելեցին Ազգային Լրատու Գործակալութեան Կեդրոն

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.